Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարները Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարները 

Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէի ներկայացուցիչները յունիսին այցելած են Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան

Այցելութիւններու ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կը գնահատէ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը, պահման պայմանները եւ կարելիութիւն կը ստեղծէ վերականգնելու կամ շարունակելու ընտանիքներու հետ կապը:
Ունկնդրէ լուրը

Յունիսին Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէի աշխատակիցները կրկին այցելած են Պաքուի կողմէ առեւանգուած եւ ապօրինի պահուող Արցախի ղեկավարներուն:

Այս մասին ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէի Ազրպէյճանի ներկայացուցչութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովա:

Այցելութիւններու ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կը գնահատէ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը, պահման պայմանները եւ կարելիութիւն կը ստեղծէ վերականգնելու կամ շարունակելու ընտանիքներու հետ կապը:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն ընթացակարգերու համաձայն, տեսակցութիւններու վերաբերեալ դիտարկումներն ու առաջարկները կը տրամադրուին բացառապէս կալանաւորուած կողմին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2024, 08:35