Armenia recognizes Palestine as an independent and sovereign state

Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի Պետութեան ճանաչումը ողջունող յայտարարութիւններ

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներու պատմական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու խորութիւնը` ընդգծելով, որ այս ճանաչումը, որ կ՛արտայայտէ պատմական յարաբերութիւններու իսկութիւնը, համահունչ է միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի համապատասխան բոլոր բանաձեւերուն:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` Պաղեստինը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալու յայտարարութիւնը:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներու պատմական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու խորութիւնը` ընդգծելով, որ այս ճանաչումը, որ կ՛արտայայտէ պատմական յարաբերութիւններու իսկութիւնը, համահունչ է միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի համապատասխան բոլոր բանաձեւերուն:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս ճանաչումը նկատեց իրական ներդրում խաղաղութեան մէջ եւ գործնական քայլ` աջակցելու միջազգայնօրէն ընդունուած երկու պետութիւն սկզբունքով լուծումին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն` վերջ դնելով իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ ձեռք բերելով Պաղեստինի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

Լիբանան Կ՛ողջունէ

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը:

Նախարարութիւնը բարձր գնահատեց «այդ կեցուածքը, որ ցոյց կու տայ միջազգային օրէնքին եւ հաւասարութեան, գերիշխանութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման նկատմամբ Հայաստանի յանձնառութիւնը»:

Արաբական Լիկան Կ՛ողջունէ

Արաբական լիկան ողջունած է Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու` Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը` ընդգծելով, որ ատիկա Պաղեստինի ժողովուրդի անկախ պետութիւն ստեղծելու իրաւունքի նոր յաղթանակ է:

Արաբական լիկան կոչ ուղղած է բոլոր այն երկիրներուն, որոնք տակաւին չեն ճանչցած Պաղեստինի պետութիւնը, քայլ կատարելու ճանաչման ուղղութեամբ` «դադրեցնելու պատմական անարդարութիւնը, որուն ենթարկուած է Պաղեստինի ժողովուրդը տասնամեակներու բռնագրաւումի ընթացքին»:

Արաբական լիկան ընդգծած է երկու պետութիւն ստեղծելու բանաձեւի կեանքի կոչման կարեւորութիւնը:

Ապուլ Ղէյթ Կ՛ողջունէ

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ ողջունած է Պաղեստինի պետութեան պաշտօնական ճանաչման մասին Հայաստանի յայտարարութիւնը եւ նշած, որ անիկա համարձակ որոշում է:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Ժամալ Ռուտին բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղած է որքան կարելի է շուտ ճանչնալ Պաղեստինի պետութիւնը:

Իսլամական Համագործակցութեան
Կազմակերպութիւնը Կ՛ողջունէ

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը ողջունած է Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը` ատիկա որակելով կարեւոր քայլ, որ կը համապատասխանէ միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն:

Կազմակերպութիւնը Պաղեստինի պետութիւնը տակաւին չճանչցած բոլոր պետութիւններուն կոչ ուղղած է` ճանչնալու եւ աջակցելու ՄԱԿ-ին լիիրաւ անդամակցութեան անոր իրաւունքին:

Եգիպտոս Կ՛ողջունէ

Եգիպտոս ողջունած է Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու մասին Հայաստանի յայտարարութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Եգիպտոսի պետական տեղեկատուական ծառայութիւնը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բարձր գնահատած է բարեկամ Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւնը պաղեստինեան արդար դատին` կոչ ուղղելով շարունակելու միջազգային ընտանիքին կողմէ գնահատուած այդ ջանքերը:

Գահիրէն նաեւ միջազգային ազդեցիկ կողմերուն կոչ ուղղած է կատարելու Պաղեստինի ժողովուրդին նկատմամբ իրենց բարոյական եւ պատմական պարտականութիւնները, միջամտել` պաշտպանելու համար պաղեստինցիներուն իրաւունքները:

Յորդանան Եւս Կ՛ողջունէ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Յորդանանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց եւ սփիւռքի նախարար Այման Սաֆատիի հետ` վերջինիս նախաձեռնութեամբ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը հաղորդեն, որ զրուցակիցները քննարկած են շրջանային հարցեր:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարը ողջունած է Հայաստանի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը` իբրեւ միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ շրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն համահունչ քայլ:

Միրզոյեան եւ Սաֆատի միտքեր փոխանակած են Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ վերջին զարգացումներուն շուրջ եւ անդրադարձ կատարած փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:

Նաեւ Պահրէյնը

Պահրէյնի թագաւորութիւնը ողջունած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Պաղեստինի պետութեան պաշտօնական ճանաչումը:

Այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ ատիկա դրական քայլ է` յաջակցութիւն Պաղեստինի ժողովուրդի ազատութեան, ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչման եւ անկախ պետութիւն ստեղծելու:

Կը նշուի, որ Հայաստան աջակցած է շրջանին մէջ արդար եւ համապարփակ խաղաղութեան հասնելուն ուղղուած ջանքերուն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2024, 09:23