Լեմքինի Հիմնարկ. «ՄԱԿ-ը պէտք է ջնջէ Ազրպէյճանը` իբրեւ ՔՈՓ29-ը հիւրընկալող երկիր ճանչնալու որոշումը
Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը դէմ հանդէս կու գայ ՄԱԿ-ի Ազրպէյճանը իբրեւ ՔՈՓ29 ամենամեայ վեհաժողովը հիւրընկալող երկիր նկատող որոշումին` հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի ցեղասպանական ռազմավարութիւնը, այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ցեղասպան ու հայատեաց գաղափարախօսութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ փտածութեան եւ մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ ոտնահարումները: Այս մասին կ՛ըսուի հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:
«Ազրպէյճանին շնորհելով այս կարեւոր իրադարձութիւնը` ՔՈՓ29-ը հիւրընկալելու պատիւը, ՄԱԿ-ը հաւանութիւն կու տայ ցեղասպանական խօսքին, ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ բռնապետութեան, ինչ որ ո՛չ կլիմային, ո՛չ ալ համայն աշխարհի մարդկութեան ձեռնտու է: Ազրպէյճանի` իբրեւ ՔՈՓ հիւրընկալող երկրի ընտրութիւնը կ՛օրինականացնէ, կը հիմնաւորէ եւ կը բնականոնացնէ ցեղասպանութիւնը համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ: Աւելի՛ն, անիկա կը սպառնայ Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի շրջանակային կանոնադրութեամբ հաստատուած սկզբունքներու արժանահաւատութեան: Ցեղասպանութեան կանխարգիլման, մարդու իրաւունքներու եւ ՄԱԿ-ի` իբրեւ աշխարհի ժողովուրդները ներկայացնող մարմինի, յաջողութեան շահերէն մեկնելով, ՄԱԿ-ը պէտք է ջնջէ Ազրպէյճանի ընտրութիւնը` իբրեւ ՔՈՓ29-ի կազմակերպիչ, այնուհետեւ կա՛մ գտնէ մէկ այլ հիւրընկալող երկիր, կա՛մ ալ խորհրդաժողովը կատարէ Գերմանիոյ Պոն քաղաքին մէջ, ուր ալ այս պահուս տեղի կ՛ունենայ ՔՈՓ-ի նախնական հանդիպումը:
«Ազրպէյճանը ընտրուած է իբրեւ ՔՈՓ29-ը հիւրընկալող երկիր` ՄԱԿ-ի հաստատուած մեքանիզմի միջոցով 2023 թուականի դեկտեմբերին. այսինքն, երեք ամիս չանցած այն իրողութենէն, երբ այդ երկիրը ցեղային զտումներու միջոցով կազմակերպեց ցեղասպանութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի (Արցախի) հայերու դէմ, իսկ ատկէ առաջ ալ տասը ամիս շարունակ ցեղասպանական շրջափակման ենթարկելով տարածքի բնակչութիւնը: Արցախէն գաղթը, որով վերջ դրուեցաւ աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական համայնքներէն մէկուն գրեթէ 4000-ամեայ անդադար ներկայութեան, վերջին ժամանակներու ամէնէն արդիւնաւէտ ցեղասպանութիւններէն էր: Արցախահայութեան դէմ Ազրպէյճանի «յաղթանակը» տօնելու համար այդ երկրի նախագահ Ալիեւը նոյնիսկ խարոյկ վառեց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ` Նովրուզի առիթով, ինչն ալ կոչեց «վերջնական մաքրում»: Նախագահ Ալիեւը` Ազրպէյճանի իբրեւ ՔՈՓ29-ը հիւրընկալելու երկիր ընտրութիւնը նկատած է իբրեւ հայերու նկատմամբ իր ցեղասպան քաղաքականութեան հաւանութիւն: Լսելով այդ լուրը` ան յայտարարած է. «Մենք ատիկա կը համարենք միջազգային ընտանիքին կողմէ յարգանքի նշան Ազրպէյճանի եւ այն ամէնի նկատմամբ, ինչ որ մենք կ՛ընենք…»:
«Կարելի չէ մոռնալ, որ 2020 թուականի Ազրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ պատերազմի ժամանակ ազրպէյճանցի զինուորները մեղսակից եղած են զինաթափուած հայ զինուորներու, ինչպէս նաեւ հայ խաղաղ բնակիչներու, ներառեալ տարեցներու եւ հաշմանդամներու նկատմամբ ծայրայեղ ու սարսափելի վայրագութիւններու: Այս փաստագրուած վայրագութիւնները կը ներառեն գլխատումներ, անդամահատումներ տակաւին կենդանութեան ժամանակ, խոշտանգումներ եւ ծիսական նուաստացումներ` բացառապէս հայերու ինքնութեան պատճառով, ինչի մասին կը վկայէ դրօշներու եւ երգերու օգտագործումը: Երբ 2022 թուականին Ազրպէյճանը նախայարձակ պատերազմ շղթայազերծեց Հայաստանի դէմ, անիկա նմանօրինակ վայրագութիւններ կատարեց, ներառեալ հայ կիներու նկատմամբ սեռական բռնութեան կիրարկումը եւ զինաթափուած հայ զինուորներու կոտորածը: Այս յանցագործութիւններուն համար այդ երկիրը որեւէ պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած: Այս դէպքերը կը յիշեցնեն 1915-1923 թուականներու թրքական եւ ազրպէյճանական զօրքերու, կիսազինուորական ոստիկաններու, զինուորներու եւ քաղաքային անձերու կողմէ հայերու նկատմամբ գործուած ցեղասպանական վայրագութիւնները, ինչ որ պարզորոշ կերպով կը բացատրէ այն, թէ Ազրպէյճանը ինչո՛ւ այդքան դիւրին արցախցի հայերը ահաբեկեց եւ արցախահայութիւնը ստիպեց երկրէն փախչիլ, երբ 19 սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճան Արցախ ներխուժեց:
«Բացի անկէ, որ Ազրպէյճանը տասը ամիս շարունակ շրջափակման մէջ պահեց Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ 120 հազար հայերը, ապա ներխուժեց տարածք եւ ստիպեց գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը փախուստի դիմել, այդ երկիրը նաեւ մեթոտաբար կ՛ոչնչացնէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: Եթէ այս ուղղութեամբ որեւէ քայլ չձեռնարկուի, ապա Արցախը պիտի դառնայ երկրորդ Նախիջեւան` ազրպէյճանական էքսքլաւ, որ ժամանակին ունեցած է զգալի թիւով հայ բնակչութիւն, իսկ այժմ այնտեղ չկայ գոնէ մէկ հայ: Նախիջեւանի մէջ Ազրպէյճանը արդէն ոչնչացուցած է հայկական մշակութային ժառանգութեան շուրջ 98 առ հարիւրը` ներառեալ եկեղեցիները, գերեզմաններն ու վանքերը:
«Այս յանցագործութիւններէն բացի, Ազրպէյճանը կը շարունակէ ապօրինաբար կալանքի տակ պահել հայ պատերազմական գերիները, քաղաքային անձերը եւ ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած Արցախի կառավարութեան անդամները, ներառեալ Ռուբէն Վարդանեանը` միջազգային մարդասիրական գործիչը, որ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հիմնադիրն է: Գոյութիւն ունին նաեւ հայ պատանդներու նկատմամբ խոշտանգումներու կրկնակի կիրարկման հիմնաւոր ապացոյցներ:
«Ազրպէյճանը պարբերաբար կը խախտէ միջազգային օրէնքը` անտեսելով պայմանագիրներն ու միջազգային դատարաններու որոշումները: 2022 թուականի պատերազմը Հայաստանի դէմ, Արցախի տասնամսեայ շրջափակումը եւ 19 սեպտեմբերին Արցախ ներխուժումը. ահա այս բոլորը 2020 թուականի նոյեմբերին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ համաձայնեցուած զինադադարի Եռակողմ յայտարարութեան կէտերու խախտումներն էին. զինադադար, որուն հաստատումով աւարտեցաւ 2020 թուականի պատերազմը: Աւելի՛ն, Ազրպէյճանը անտեսած ու ոտնահարած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ 2021 թուականի դեկտեմբեր 7-ին, 2023 թուականի փետրուարի 22-ին, 2023 թուականի յուլիսի 6-ին եւ 2023 թուականի նոյեմբերի 17-ին սահմանուած ժամանակաւոր քայլերը:
«Պէտք է նաեւ նշել, որ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքները անմխիթար վիճակի մէջ են, ինչ որ հետզհետէ կը վատթարանայ: 2023-2024 թուականներու Ազրպէյճանի ազատութեան ցուցանիշը նուազած է 2 կէտով` 9-էն հասնելով 7-ի (100-ի վրայ), ինչ որ այդ երկիրը կը դարձնէ աշխարհի ամէնէն մենատիրական պետութիւններէն մէկը: Աւելի՛ն, Ազրպէյճանի եւ Ալիեւի վարչակարգի գործողութիւնները հողօգտագործման եւ բնական կլիմայի պահպանման հարցերուն մէջ ուղղակիօրէն կը հակասեն ՔՈՓ23 խորհրդաժողովի հիմքը եղող հիմնարար սկզբունքներուն: Ազրպէյճանը ոչ միայն նաւթային պետութիւն է, որ կը յենի հանածոյ վառելանիւթի արտածման վրայ, այլ նաեւ այդ երկրի պետական ուժանիւթային եւ բնական պաշարներու արդիւնաբերութիւնը թաղուած է փտածութեան մէջ, ինչ որ երկիրը ուղղակիօրէն հակասութեան մէջ կը դնէ ՔՈՓ29-ի յայտարարուած նպատակներէն մէկուն հետ, այն է` Փարիզի համաձայնագիրի Ընդլայնուած թափանցիկութեան ծիրի ամբողջականացում:
«Ոմանք ՔՈՓ29-ը կ՛ազդարարեն իբրեւ «խաղաղութեան վեհաժողով»: Լեմքինի հիմնարկը նման պնդումները կը նկատէ անհեթեթ, ամօթալի եւ խորապէս շնական` հաշուի առնելով այն ամէնը, ինչ որ բոլորս գիտենք Ալիեւի վարչակարգին մասին: Այն ժամանակ, երբ աշխարհի բնակչութիւնը կորսնցուցած է հաւատը միջազգային կառոյցներու նկատմամբ, ՄԱԿ-ը պէտք է գլուխը դուրս բերէ աւազէն եւ դադրեցնէ դիւանագիտական հովանաւորութիւնը Ազրպէյճանի ցեղասպան պետութեան` սկսած ՔՈՓ29-էն»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ