Վրաստանի մէջ «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին» վիճայարոյց օրէնքը
Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլի ստորագրած է խորհրդարանին որդեգրած այսպէս կոչուած «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքը: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին պէտք էր հաստատէր փաստաթուղթը, սակայն ան մերժած է ատիկա ընել: Փափուաշվիլիի ստորագրումէն ետք, օրէնքը մտած է ուժի մէջ:
«Այսօր ես ստորագրեցի «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքը: Այս օրէնքին նպատակն է ամրապնդել Վրաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային համակարգերը արտաքին միջամտութեան նկատմամբ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Փափուաշվիլի:
Վրաստանի խորհրդարանը 14 մայիսին վերջնական ընթերցումով հաւանութիւն տուած է «Արտաքին ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրինագիծին: Որոշումը որդեգրուած է` հակառակ երկրին մէջ տեղի ունեցող զանգուածային բողոքի ցոյցերուն:
Երկրի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի 18 մայիսին վեթոյի ենթարկեց օրէնքը: 28 մայիսին խորհրդարանը յաղթահարեց անոր վեթոն:
Վրացական 160 հասարակական կազմակերպութիւններ եւ լրատուամիջոցներ մերժած են արձանագրուիլ օտարերկրեայ գործակալներու ցուցակին վրայ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ