Կութիերես. «Աշխարհը չի կրնար թոյլ տալ, որ Լիբանանը դառնայ հերթական Կազա
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես նախանցեալ օր ըսած է, թէ անհրաժեշտ է կանխել Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի ընդլայնումը, եւ աշխարհը չի կրնար թոյլ տալ, որ Լիբանանը դառնայ հերթական Կազա:
Այդ մասին ան յայտարարած է Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: Կութիերես խոր մտահոգութիւն յայտնած է Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ընդհարումներու ու «ռազմական հռետորաբանութեան» առնչութեամբ:
«Մէկ չմտածուած քայլ, մէկ սխալ հաշուարկ, եւ կրնայ յառաջանալ աներեւակայելի աղէտ: Եկէք յստակ փաստենք, որ շրջանի ժողովուրդը եւ աշխարհը չեն կրնար թոյլ տալ, որ Լիբանանը դառնայ այլ Կազա մը», ըսած է Կութիերես:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ