South Korean Foreign Minister Cho Tae-yul speaks during a UN Security Council meeting on the impacts of cyber threats on international peace and security

Կութիերես. «Աշխարհը չի կրնար թոյլ տալ, որ Լիբանանը դառնայ հերթական Կազա

Այդ մասին ան յայտարարած է Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: Կութիերես խոր մտահոգութիւն յայտնած է Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ընդհարումներու ու «ռազմական հռետորաբանութեան» առնչութեամբ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես նախանցեալ օր ըսած է, թէ անհրաժեշտ է կանխել Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի ընդլայնումը, եւ աշխարհը չի կրնար թոյլ տալ, որ Լիբանանը դառնայ հերթական Կազա:

Այդ մասին ան յայտարարած է Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: Կութիերես խոր մտահոգութիւն յայտնած է Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ընդհարումներու ու «ռազմական հռետորաբանութեան» առնչութեամբ:

«Մէկ չմտածուած քայլ, մէկ սխալ հաշուարկ, եւ կրնայ յառաջանալ աներեւակայելի աղէտ: Եկէք յստակ փաստենք, որ շրջանի ժողովուրդը եւ աշխարհը չեն կրնար թոյլ տալ, որ Լիբանանը դառնայ այլ Կազա մը»,  ըսած է Կութիերես:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2024, 08:00