Իսրայէլ տեղահանուածներ պատսպարող դպրոց մը ռմբակոծելով կը սպաննէ 30 քաղաքայիններ
30 պաղեստինցիներ սպաննուեցան եւ տասնեակներով ուրիշներ, մեծամասնութեամբ մանուկներ եւ կիներ, վիրաւորուեցան, երբ իսրայէլեան ռմբաձիգներ չորեքշաբթի գիշեր կեդրոնական Կազայի մէջ տեղահանուածներ պատսպարող դպրոց մը ռմբակոծեցին:
Զոհերն ու վիրաւորները փոխադրուեցան Տէյր Պալահի մէջ Շուհատա Աքսա հիւանդանոց: Կազայի մէջ առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղի ունեցածը ջարդ որակեց:
Կազայի մէջ կառավարական տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէն Իսմայիլ Սաուապիթա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաւանական նկատեց, որ այս ջարդի զոհերուն թիւը բարձրանայ` նկատի ունենալով, որ շարք մը վիրաւորներու վէրքերը վտանգաւոր եւ ծանր են:
Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ իր ռմբաձիգները ներքին հետախուզութեան` Շապաքի հետ գործակցութեամբ ռմբակոծած են «Նուսէյրաթի մէջ գտնուող դպրոցի մը մէջ Համասի կողմէ օգտագործուող համալիր մը»:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ