«Լեմքին» հիմնարկը մտահոգ է ցուցարարները ցրելու ոստիկանութեան յարձակողական գործելաոճէն
«Լեմքին» հիմնարկը մտահոգութիւն յայտնեց 12 Յունիսին, Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց ցուցարարները եւ լրագրողները ցրելու՝ ոստիկանութեան յարձակողական գործելաոճին նկատմամբ, որ կը հակասէ ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներուն հանդէպ Հայաստանի հռչակած յանձնառութեան:
«Հայաստանի հռչակած յանձնառութիւնը պէտք է նշանակէ խաղաղ հաւաքներու եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութիւն, եւ ոչ թէ բռնութեան եւ արիւնահեղութեան միջոցով այլախոհութեան ճնշում», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։
«Լեմքին» հիմնարկը մտահոգիչ կը նկատէ նաեւ այն փաստը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հրապարակաւ պաշտպանեցին ոստիկանութեան գործողութիւնները:
«Ինչպէս արդէն բազմաթիւ անգամներ յայտարարած ենք՝ խօսքի եւ հաւաքներու ազատութիւնը մարդու հիմնարար իրաւունքներն են եւ ներառական ու արդար հասարակութեան հիմնական սկզբունքները: Անոնք նաեւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման կարեւոր գործիքներ են, որովհետեւ այդ իրաւունքները կարելիութիւն կու տան անհատներու եւ համայնքներու հանդէս գալու անարդարութեան դէմ եւ պատասխանատուութիւն պահանջել իրենց կառավարութիւններէն», կը յայտարարէ հիմնարկը:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ