2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (23) պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այսօրուան մեր հաղորդումը նուիրած ենք այդ ժամանակաշրջանի առանցքային դէմքերէն հանդիսացող՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յարգելի ունկնդիրներ կը շարունակենք մեր հաղորդումները նուիրուած Արեւմտահայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջանին։

 Այսօրուան մեր հաղորդումը նուիրած ենք այդ ժամանակաշրջանի առանցքային դէմքերէն հանդիսացող՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին։

 Նշենք նաեւ, որ Պէշիկթաշլեանի նուիրուած մեր աշխատութիւնը պիտի ներկայացնենք տարբեր հաղորդումներով։

 Բարի ունկնդրութիւն բոլորիդ։

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան ծնած է 1828ին, Պոլիս, հայ կաթողիկէ աղքատիկ ընտանիքի մը մէջ շուտով կորսնցուցած է մայրն ու հայրը։ Թոքախտը բոյն դրած էր իրենց ընտանիքին մէջ:

Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանին մէջ, կը մեկնի Իտալիա, Փատուայի Մուրատեան վարժարանը, որուն ընթացքը կ'աւարտէ եւ ատեն մըն ալ կը մնայ Վենետիկի մէջ։ Հոն կ'ուսումնասիրէ մեր մատենագրութեան կարեւոր գործերը։

1845ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ կը լծուի կրթական գործին, իբրեւ ուսուցիչ թաղային վարժարաններու։ Նոյն ատեն հայերէնի մասնաւոր դասեր կ'աւանդէ օտարախօս հայ ընտանիքներու զաւակներուն: 18 տարեկան խանդավառ եւ հայրենասէր հայ երիտասարդ՝ մեծ ջանք ի գործ կը դնէ օտարախօս մանուկներուն սիրցնելու մայրենի լեզուն, գրականութիւնը եւ պատմութիւնը: Ասոր լաւագոյն ապացոյցներէն մէկն է ֆրանսախօս Սրբուհի Վահանեանի պարագան։ Մանկամարդ օրիորդը, շնորհիւ իր ուսուցիչ Պէշիկթաշլեանի ջանքերուն՝ ոչ միայն լաւ սորվեցաւ մայրենի լեզուն, այլ յետագային դարձաւ գրագիտուհի Սրբուհի Տիւսաբը։ Կ'ըսուի, թէ Պէշիկթաշլեանի եւ իր աշակերտուհիին հոգիներուն մէջ ծնած են ջերմ համակրանքի զգացումներ ալ, առանց արդիւնքի մը հասնելու, որովհետեւ անոնք իրարմէ բաժնուած էին դասակարգի տարբերութեամբ ու տարիքի խրամատով: Պէշիկթաշլեանի հիւանդութեան ատեն Սրբուհին յաճախ մխիթարած է զինք, անոր սնարին մօտ նստած կարդալով եւ պատմելով:

Կրթական գործունէութենէ զատ Մ. Պէշիկթաշլեան ունեցած է նաեւ հանրային փայլուն գործունէութիւն, դառնալով հիմնադիրներէն մէկը «Համազգեաց» ընկերութեան: «Համազգեաց»ի նպատակն էր դպրոցներ բանալ գաւառներու մէջ, գրքեր հրատարակել եւ բոլոր միջոցներով ուսումը տարածել հայոց մէջ: Ընկերութեան նշանաբանը ազգային միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնն էր առանց դաւանանքի խտրութեան: Այդ օրերուն ծանր պառակտում եւ վէճեր կային Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու զաւակներուն միջեւ։ Պէշիկթաշլեան ջանաց եղբայրութիւն քարոզել իր ճառերով եւ բանաստեղծութիւններով («Եղբայր եմք մեք»):

Մ. Պէշիկթաշլեան կարեւոր դեր կատարեց նաեւ արեւմտահայ թատրոնի զարզացման մէջ: Իր ջանքերուն շնորհիւ է, որ 1856ին Պոլսոյ թաղերէն Օրթագիւղի ազգային վարժարանի սրահին մէջ սկսան կազմակերպուիլ ներկայացումներ, որոնց ներկայ կ'ըլլային մեծ թիւով հանդիսականներ: Մշտական թատրոնի մը գոյութիւնը Պէշիկթաշլեանը մղեց աշխարհաբար լեզուով ինքնուրոյն թատերգութիւններ գրելու։

Պէշիկթաշլեան մահացաւ թոքախտէ 1868ին, քառասուն տարեկանին։ Թաղուած է Պոլիս, Շիշլիի հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ:

 Այսօրուան համար  այսքանը  յաջորդ հաղորդմամբ  պիտի շարունակենք մեր անդրադարձը նուիրուած՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2024, 09:06