2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (24). Պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այսօրուան մեր հաղորդումը յատկացուած է հայ մեծանուն գրող Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յարգելի ունկնդիրներ, ինչպէս նախօրօք ալ ըսած էինք, այսօրուան մեր հաղորդումը յատկացուած է հայ մեծանուն գրող Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին նուիրուած մեր հաղորդաշարին։

Բարի ունկնդրութիւն։

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան թողած է ակնառու գրական ժառանգութիւն մը։

Անոր գործերուն մէջ կարեւոր տեղ ունին թատերական երկերը։

Եւ այսպէս թատերական գրուածքներ. թիւով 9 հատ, որոնցմէ ոմանք թարգմանութիւններ են։ Բոլորն ալ պատմական ողբերգութիւններ։ Ինքնագիր թատերգութիւններուն նիւթերը առնուած են հայոց պատմութենէն.- «Կոչնակ», «Արշակ Բ.», «Վահան», «Վահէ»։ Թարգմանութիւններն են՝ «Սաւուղ», «Մահ Կեսարու», եւայլն։

Նմանողաբար գրած է հետեւեալ երկու զաւեշտները .- «Կատակերգութիւն Աւազակաց», «Երեք քաջեր»:

Բանաստեղծութիւններ.- Կը բաղկանան մօտ 60 տաղերէ, 20ը գրաբար, 31 հատը աշխարհաբար, իսկ 9 հատ՝ թարգմանութիւն: Պէշիկթաշլեան իր կենդանութեան որեւէ հատոր չէ հրատարակած: Մահէն երկու տարի ետք, Ծերենցի նախաձեռնութեամբ Մուրատ-Ռափայէլեան ընկերութիւնը հաւաքեց անոր ցիրուցան գործերը եւ լոյս ընծայեց մէկ հատորի մէջ՝ «Մատենագրութիւնք Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի» խորագրով (1870): Բացի թատերգութիւններէն եւ տաղերէն, հատորին մաս կը կազմեն նաեւ 4 ճառեր։ 1904ին Ա. Չօպանեան նոյն հատորին աւելի խնամուած հրատարակութիւնը ըրաւ :

Իր չորս ճառերէն առաջինը արտասանուած է Համազգեաց Ընկերութեան բացումին առթիւ։ Երկրորդը՝ նոյն ընկերութեան նորակերտ սրահին մէջ: Երրորդը՝ Օրթագիւղի Աղքատախնամ Ընկերութեան ի նպաստ։ Չորրորդը՝ Մուրատ-Ռափայէլեան Սանուց խնճոյքին մէջ։

Այս ճառերը զուրկ են գրական արժէքէ եւ կը կրեն ժամանակի թերութիւնները.- ուռուցիկ ոճ, զգացումներու չափազանցութիւն, եւայլն:

Անոնք հետաքրքրական են իրենց արտայայտած մտքերով, որոնք հետեւեալ կէտերուն մէջ կը խտանան.-

1.- Միաբանութեան յորդոր: «Ձեռք ձեռքի տուէք, աւելի զօրաւոր ու աննկուն ըլլալու համար. ամէնքնիդ ալ մէկ սիրտ եղէք»։

2.- Հայրենասիրութիւն: «Հայրենեաց սէրը սաստիկ բոց մըն է, որ կը բորբոքի ազգասէրին արեան մէջ. եւ այս կրակը չի մարիր բայց միայն մահուամբ»:

3.- Քննադատութիւն օտարասիրութեան: «Ազգատեացը կը սիրէ օտարին խաբեբայ փետուրներովը զարդարուիլ եւ անով պարծիլ օտարներուն առջին. ողորմելին չի գիտեր թէ անոնք կը փետուին ու ինք կը մնայ մերկ ու խայտառակ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2024, 08:00