Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն  (AFP or Licensors )

Մաքրոն յայտարարած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովը ցրելու եւ նոր ընտրութիւններ կատարելու մասին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն դիմած է ֆրանսացիներուն եւ յայտարարած խորհրդարանի ստորին պալատը՝ Ազգային ժողովը ցրելու մասին։

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն դիմած է ֆրանսացիներուն եւ յայտարարած խորհրդարանի ստորին պալատը՝ Ազգային ժողովը ցրելու մասին։

«Ես այս երեկոյ կը ցրեմ Ազգային ժողովը: Շուտով պիտի ստորագրեմ նոր խորհրդարանի ընտրութիւն կայացնելու մասին հրամանագիր, որու առաջին փուլը տեղի պիտի ունենայ յունիս 30-ին, իսկ երկրորդը՝ յուլիս 7-ին»,- յայտարարած է Մաքրոն:

Աւելի վաղ նոր խորհրդարանի ընտրութիւն նշանակելու կոչով հանդէս եկած էր, յունիս 9-ին, Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն Ֆրանսայի մէջ յաղթանակած «Ազգային միաւորում» կուսակցութեան ղեկավար Ժորտան Պարտելան։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2024, 07:58