Քլաուտիա Շէյնպաում Քլաուտիա Շէյնպաում   (AFP or licensors)

Մեքսիքան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կին մը ընտրեց նախագահ

Ազգային ընտրական հիմնարկին տուեալներով` Շէյնպաում կ՛ապահովէ քուէներուն 57,27 առ հարիւրը, ընդդիմադիր դաշինքէն անոր մրցակից Սոչիթլ Կալվեսը` 30 առ հարիւր, երրորդ յաւակնորդը` Քաղաքացիական շարժումի ղեկավար Խորխէ Ալվարեսը` 10,37 առ հարիւրը:
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Մեքսիքայի իշխող համախմբական դաշինքի թեկնածու Քլաուտիա Շէյնպաում ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրեց երկրի նախագահական ընտրութեան ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Ազգային ընտրական հիմնարկին տուեալներով` Շէյնպաում կ՛ապահովէ քուէներուն 57,27 առ հարիւրը, ընդդիմադիր դաշինքէն անոր մրցակից Սոչիթլ Կալվեսը` 30 առ հարիւր, երրորդ յաւակնորդը` Քաղաքացիական շարժումի ղեկավար Խորխէ Ալվարեսը` 10,37 առ հարիւրը:

Ընտրութեան մասնակցութիւնը, ըստ մշակուած տուեալներուն, կազմած է 59,80 առ հարիւր: Մեքսիքայի ներկայ ղեկավար Անտրես Մանուէլ Լոփես Օպրատոր արդէն շնորհաւորած է Շէյնպաումը յաղթանակին համար:

«Այսօր փառքի օր է, որովհետեւ Մեքսիքայի ժողովուրդը ազատօրէն եւ ժողովրդավարօրէն որոշեց, որ Քլաուտիա Շէյնպաումը պիտի դառնայ մեր Հանրապետութեան անկախութեան 200 տարիներու ընթացքին առաջին կին նախագահը», «Էքս»-ի վրայ գրած է Մեքսիքայի գործող նախագահը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2024, 07:50