Սթոլթընպերկ Սթոլթընպերկ  (ANSA)

ՆԱԹՕ-ն կը քննարկէ միջուկային զէնքը մարտական պատրաստութեան բերելու հարցը. Սթոլթընպերկ

Սթոլթընպերկ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները եւ անոր եւրոպացի դաշնակիցները այժմ կը թարմացնեն իրենց միջուկային զինանոցները։

ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները խորհրդակցութիւններ սկսած են միջուկային զէնքը մարտական պատրաստութեան վիճակի բերելու անհրաժեշտութեան շուրջ։ Այս մասին բրիտանական The Daily Telegraph թերթին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Հանս Սթոլթընպերկը։

«Ես չեմ մանրամասներ, թէ քանի միջուկային մարտագլխիկ պէտք է աշխատանքային վիճակի բերուի եւ ինչպէս ատոնք պէտք է պահուին, բայց մենք պէտք է խորհրդակցինք այս հարցերու շուրջ: Եւ մենք այժմ այդ է որ կ՚ընենք», -ըսած է ան:

Սթոլթընպերկ ըսած է, որ այս հարցով թափանցիկութիւնը «կ՚օգնէ յստակ ուղերձ յղելու», որ ՆԱԹՕ-ն «միջուկային դաշինք է»:

«ՆԱԹՕ-ի նպատակն է ունենալ աշխարհ առանց միջուկային զէնքի, բայց քանի դեռ կայ միջուկային զէնք, մենք կը մնանք միջուկային դաշինք, քանի որ աշխարհը, ուր Ռուսիան, Չինաստանը եւ Հիւսիսային Քորէան միջուկային զէնք ունին, իսկ ՆԱԹՕ-ն չունի, վտանգաւոր աշխարհ է», - նշած է Սթոլթընպերկը։

Ան աւելցուցած է, որ իրեն յատկապէս կ՚անհանգստացնէ Չինաստանը, որ մեծ ներդրումներ կը կատարէ ժամանակակից սպառազինութիւններու ստեղծման համար եւ մտադիր է մինչեւ 2030 թուականն իր միջուկային մարտագլխիկներու թիւը հասցնել հազարի։

«Սա կը նշանակէ, որ առաջիկային ՆԱԹՕ-ն կրնայ բախուիլ նախկին աննախադէպ իրավիճակի՝ երկու հաւանական միջուկային հակառակորդի՝ ի դէմս Չինաստանի եւ Ռուսիոյ, որ կը յանգեցնէ հետեւանքներու»,- կը կարծէ գլխաւոր քարտուղարը։

Սթոլթընպերկ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները եւ անոր եւրոպացի դաշնակիցները այժմ կը թարմացնեն իրենց միջուկային զինանոցները։

Խօսելով Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակի մասին՝ Սթոլթընպերկ կոչ ըրած է արեւմտեան երկիրներուն շարունակելու օգնութիւն ցուցաբերել Քիեւին։

«Ես միանգամայն համոզուած եմ, որ եթէ Փութինը յաղթէ Ուքրանիոյ մէջ, ապա մենք աւելի խոցելի պիտի ըլլանք, եւ այդ ժամանակ մենք պէտք է աւելի շատ ներդրումներ կատարենք մեր պաշտպանութեան համար», - եզրափակած է ան:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2024, 09:19