Նիքոլա Ազնաւուր Նիքոլա Ազնաւուր  (ANSA)

Նիքոլա Ազնաւուրը կ՚ուզէ արհեստական բանականութեան օգնութեամբ Հայաստանի մէջ վերստեղծել հօր ներկայութիւնը բեմի վրայ

Նիքոլան խոստովանած է, որ իր հօր յիշատակի հանդէպ նման յարգանքը շատ կարեւոր է իրեն համար։ Հիմա ան կը մտածէ, թէ ինչպէս օգտագործել ժամանակակից ճարտարագիտութիւնը հօր յիշատակին նուիրուած համերգներու կամ մշակութային երեկոներու համար։

Նիքոլա Ազնաւուր կը մտածէ Հայաստանի մէջ միջոցառում ընելու գաղափարի մասին, ուր ան արհեստական բանականութեան օգնութեամբ վերստեղծէ իր հօր ներկայութիւնը բեմին վրայ: Այս մասին Նիքոլան ըսած է «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին՝ Երեւանի Երկրաչափական քաղաքի գերհամակարգիչի բացման ժամանակ։

Սուբըրհամակարգիչը անուանակոչուած է Շարլ Ազնաւուրի անունով, թէեւ Ազնաւուրի անուան հիմնադրամը (զոր կը ղեկավարէ Նիքոլա) անոր գնման կամ առաքման չէ մասնակցած: Նիքոլան խոստովանած է, որ իր հօր յիշատակի հանդէպ նման յարգանքը շատ կարեւոր է իրեն համար։ Հիմա ան կը մտածէ, թէ ինչպէս օգտագործել ժամանակակից ճարտարագիտութիւնը հօր յիշատակին նուիրուած համերգներու կամ մշակութային երեկոներու համար։

«Դեռ չեմ կրնար յստակ ըսել, թէ ինչ նախագիծ պիտի ըլլայ, բայց ընդհանուր գաղափարն այդ է»,-աւելցուցած է Նիքոլան:

Անոր խօսքով՝ Շարլ Ազնաւուր կ'ուրախանար, եթէ Հայաստանի մէջ ժամանակակից հաշուիչ կեդրոն տեսնէր, քանի որ շատ կը սիրէր ճարտարագիտութիւն։ Ան սկսած է համակարգիչներու նոր մոտելներ գնել դեռ 80-ականներու սկիզբէն (ընդ որում՝ ճարտարագիութեանց նորոյթներով «երես կու տար» նաեւ իր երեխաներուն)։ Սկիզբը ան անոնց օգնութեամբ կը տպէր եւ կը խմբագրէր իր գրութիւնները, յետոյ ելեկտրոնային սինթեզատոր ձեռք բերած, որ ձայնագրող սարքերու հետ միասին կը միացնէր համակարգիչին՝ իր երգերու փորձնական նմոյշները ձայնագրելու համար։

Նոյնիսկ 2000-ականներուն, երբ մաեսթրօն 80 տարեկան էր, ան սորված է օգտագործել Apple-ի GarageBand ծրագիրը, որ նախատեսուած էր տունը ձայնագրութիւններ ընելու համար: Ի հարկէ, այստեղ ալ ան ձայնագրած էր նմոյշները, իսկ յետոյ, արդէն ստուդիոյ մէջ, մշակած զանոնք արհեստավարժ երաժիշտներու հետ։

«Ան միշտ հետաքրքրուած էր նոր ճարտարագիտութեամբ։ Ի հարկէ, ան միշտ չէ, որ կատարելապէս կը տիրապետէր անոնց, բայց ես իրեն կ'օգնէի. կարելի է ըսել՝ անոր տան ձայնագրման երկրաչափն էի»,-ըսած է Նիքոլա։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2024, 07:50