Summit on Peace in Ukraine

ԱՄՆ-ը 1,5 միլիառ տոլար պիտի յատկացնէ Ուքրանիոյ մարդասիրական եւ ուժանիւթային նախագիծերու համար

Սպիտակ տան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ միջոցներու մեծ մասը՝ 500 միլիոն տոլարը, արդէն յայտարարուած ֆինանսաւորման 324 միլիոն տոլարի հետ միասին, պիտի ուղղուի Ուքրանիոյ մէջ արտակարգ ուժանիւթի կարիքներու բաւարարման, մասնաւորապէս ՝ վնասուած ենթակառուցուածքներու վերանորոգման:

ԱՄՆ-ը 1,5 միլիառ տոլար պիտի յատկացնէ Ուքրանիոյ մարդասիրական եւ ուժանիւթային նախագծերու համար։ Համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ԱՄՆ փոխնախագահ Քամալա Հարիսը։

Սպիտակ տան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ միջոցներու մեծ մասը՝ 500 միլիոն տոլարը, արդէն յայտարարուած ֆինանսաւորման 324 միլիոն տոլարի հետ միասին, պիտի ուղղուի Ուքրանիոյ մէջ արտակարգ ուժանիւթի կարիքներու բաւարարման, մասնաւորապէս ՝ վնասուած ենթակառուցուածքներու վերանորոգման:

Աւելի քան 379 միլիոն տոլար պիտի ուղղուի փախստականներու, ներքին տեղահանուածներու եւ հակամարտութենէն տուժած համայնքներու համար մարդասիրական օգնութեան՝ սնունդէն մինչեւ ջրամատակարարման, սանիտարական եւ այլ ծառայութիւններ:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2024, 08:31