Ամերիկեան զեկոյց՝ Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ դերին մասին
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց աշխարհի շուրջ 200 երկիրներու, որոնց կարգին Հայաստանի մէջ կրօնական ազատութիւններուն վերաբերող տարեկան իր զեկոյցը:
Վկայակոչելով Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ զեկոյցը կը նշէ, որ իւրաքանչիւր անձ ունի միտքի, խիղճի եւ կրօնի ազատութիւն: Անիկա կ՛ընդգծէ, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ Հայ առաքելական եկեղեցին՝ իբրեւ ազգային եկեղեցւոյ բացառիկ առաքելութիւն՝ նոյն ատեն նկատել տալով, որ «Հայաստանի Սահմանադրութիւնը կ՛արգիլէ կրօնի վրայ հիմնուած խտրականութիւնը եւ կը սահմանէ կրօնական կազմակերպութիւններուն եւ պետութեան տարանջատում, կ՛արգիլէ կրօնի ազատութեան իրականացման իրաւունքի խոչընդոտումը, ինչպէս նաեւ ատելութեան խօսքը կամ կրօնական հիման վրայ անհատին կամ խումբին նկատմամբ բռնութիւն հրահրելը»:
Զեկոյցը կը յիշէ, որ, հակառակ եկեղեցւոյ առարկութիւններուն, 2023ին իշխանութիւնները սկսան աստիճանաբար հանել «Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը դպրոցական պարտադիր ծրագիրէն՝ զայն ներառելով հայագիտութեան աւելի ընդարձակ ուսումնական ծրագիրի մը մէջ:
Զեկոյցը կ՛անդրադառնայ նաեւ եկեղեցի-Փաշինեան հեռակայ բանավէճին՝ նշելով, որ 2024ին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականները շարունակեցին առանց սահմանափակումներու մասնակցիլ քաղաքացիական խօսոյթին:
Վկայակոչելով լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները՝ զեկոյցը կը նշէ, որ կառավարութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնները շարունակած են մնալ լարուած՝ «հրապարակային բացասական հռետորաբանութեան» զուգահեռ:
Զեկոյցին մէջ կ՛ընդգծուի նաեւ, որ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին մասին կոչեր ուղղեց, իսկ Փաշինեան յայտարարեց, որ «եկեղեցին պետութիւնից բարձր լինել չի կարող»:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ