Արցախի ղեկաւարները Արցախի ղեկաւարները 

Կը յորդորենք Պլինքընը՝ Հայ բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակման

Մինչ դիւանագէտները կը հանդիպին Ուաշինկթընի մէջ՝ ԱՄՆ միջնորդութեամբ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու համար, հայ բանտարկեալները կը հիւծին ազրպէյճանական բանտերուն մէջ.

Մինչ դիւանագէտները կը հանդիպին Ուաշինկթընի մէջ՝ ԱՄՆ միջնորդութեամբ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու համար, հայ բանտարկեալները կը հիւծին ազրպէյճանական բանտերուն մէջ. ասիկա ակնյայտ կերպով կը հակասէ խաղաղութեան ցանկացած հռետորաբանութիւն: Այս մասին կը նշուի Free Armenian Prisoners-ի Facebook-ի էջին մէջ:

«Մենք կը յորդորենք ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթընի Պլինքընը՝ հայ բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակման հարցը առաջնահերթութիւն դարձնել: Չի կրնար իրական խաղաղութիւն ըլլալ, քանի դեռ մարդիկ կը շարունակեն ապօրինի կալնաւորուած մնալ:

Մենք կոչ կ՝ընենք ԱՄՆ Պետքարտուղարութեան ու ԵԱՀԿ-ի մէջ ԱՄՆ առաքելութեան՝ դիմելու յստակ գործողութիւններու, այլ ոչ միայն խօսելու: Տեւական խաղաղութիւնը կրնայ կառուցուիլ միմիայն արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու յարգանքի հիման վրայ»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2024, 10:19