Պայրամով. «Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները կը մնան Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ»
Հասարակութիւնը պարբերաբար կը տեղեկացուի Հայաստանի հետ խաղաղութեան օրակարգի առաջնահերթութիւններուն մասին: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով` խօսելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ներկայ վիճակին մասին:
Անոր համաձայն, խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու վերաբերեալ «բաց հարցերու թիւը զգալիօրէն նուազած է»:
Ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ տակաւին կը մնայ «Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջը»:
«Լիարժէք խաղաղութեան հասնելու համար այս գործօնը պէտք է վերացուի», աւելցուցած է Պայրամով:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ