LEBANON-ISRAEL-PALESTINIAN-CONFLICT

Ֆրանսան, Նորվեկիան եւ Պելժիքան իրենց քաղաքացիներուն կոչ ըրած են անյապաղ լքելու Լիբանանը

«Եթէ անվտանգային իրավիճակը վատթարանայ, երկիրը լքելը կրնայ չափազանց դժուար ըլլալ։ Այս իրավիճակին մէջ Նորվեկիոյ իշխանութիւններու՝ Լիբանանի մէջ գտնուող Նորվեկիոյ քաղաքացիներուն օգնութիւն ցուցաբերելու հնարաւորութիւնը չափազանց սահմանափակ պիտի ըլլայ»,-ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Պելկիոյ, Ֆրանսայի եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները Լիբանանի մէջ գտնուող իրենց քաղաքացիներուն կոչ ըրած են անյապաղ լքելու երկիրը, յայտնած է kommersant.ru-ն։

Ֆրանսայի ԱԳՆ-ն դատապարտած է յարձակումը Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքներու վրայ եւ քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած է յետաձգել Լիբանան, Իսրայէլ եւ Պաղեստին ուղեւորութիւնները։

Պելկիոյ ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Մաժտալ Շամս գիւղի ֆութպոլի դաշտին մէջ հրթիռի հարուածէն ետք խորհուրդ կը տրուի չմեկնիլ Իսրայէլ, Երուսաղէմ եւ պաղեստինեան տարածքներ, ինչպէս նաեւ Լիբանան։ Պելկիոյ քաղաքացիներուն խորհուրդ կը տրուի լքել Լիբանանը, պարզաբանած է հրատարակութիւնը։

Նմանատիպ յայտարարութիւն տարածած է Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Եթէ անվտանգային իրավիճակը վատթարանայ, երկիրը լքելը կրնայ չափազանց դժուար ըլլալ։ Այս իրավիճակին մէջ Նորվեկիոյ իշխանութիւններու՝ Լիբանանի մէջ գտնուող Նորվեկիոյ քաղաքացիներուն օգնութիւն ցուցաբերելու հնարաւորութիւնը չափազանց սահմանափակ պիտի ըլլայ»,-ըսուած է  գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ յուլիս 27-ին, Իսրայէլի կողմէ վերահսկուող Կոլանի բարձունքներու մէկ մասը Լիբանանի տարածքէն ենթարկուած է հրթիռակոծութեան։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի տուեալներով՝ Կոլանի բարձունքներու մէջ զոհուած է 12 մարդ։ Իսրայէլն ըսած է, որ հարուածները հասցուած են լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման կողմէ՝ օգտագործելով իրանեան հրթիռներ։ Ինքը՝ շարժումը, հերքած է իր մասնակցութիւնը յարձակումներուն:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2024, 12:54