Յոյս եւ կայունութիւն՝ Արցախահայ բազմազաւակ ընտանիքներուն
Հայ Օգնութեան Միութեան «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը, որ ընթացք առաւ Յունուար 2024-ին, կը նպատակադրէ հարազատ երդիք մը ապահովել արցախահայ ընտանիքներու, որոնք ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք՝ Արցախի հայաթափումով, կորսնցուցին իրենց բնակարանները։
«Յոյսի Օճախներ» ծրագիրով արդէն իսկ գնուած են երկու բնակարաններ՝ Հայաստանի Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ։ Բնակարանները կը գտնուին նորոգութեան ընթացքին մէջ, ինչպէս՝ կոյուղիներու նորոգութիւն, հորի պատրաստութիւն, պեթոնէ օղակներու տեղադրում։
Հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ նպատակներուն՝ Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը շարունակէ ճիգեր թափել՝ իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ նոր բնակարաններ գնելու եւ զանոնք հիմնովին վերանորոգելէ ետք՝ յանձնելու արցախահայ ընտանիքներու։
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ջերմ փափաքն է, որ կարելի եղածին չափ նկատելի թիւով արցախահայ ընտանիքներ ձմեռը դիմաւորեն իրենց հարազատ երդիքին տակ։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հաւատայ, որ հաւաքական ճիգերով եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել։
ՀՕՄ-ի սոյն ծրագիրին կարելի է աջակցիլ՝ միանալով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ընկերային ցանցերու վրայ էջերուն կամ օգտագործելով ars1910.org/give/ կապը։
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ