2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (28) Պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այսօր կը շարունակենք Պետրոս Դուրեանի նուիրուած հաղորդումի երկրորդ մասը, որ նուիրուած է անոր ստեղծագործութիւններուն։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յարգելի ունկնդիրներ կը շարունակենք Պետրոս Դուրեանի նուիրուած հաղորդումի երկրորդ մասը, որ նուիրուած է անոր ստեղծագործութիւններուն։

Բարի լսում բոլորիդ։

Պէշիկթաշլեանի նման Դուրեանի գործերն ալ իր կենդանութեան առանձին հատորով լոյս չտեսան։ Բայց մահէն անմիջապէս ետք 1872ին իր բարեկամներուն եւ ուսուցիչներուն խնամքով անոր գործերը մէկտեղ հաւաքուեցան եւ հրատարակուեցան առանձին հատորով մը՝ «Տաղք եւ թատերգութիւնք Պ . Դուրեանի»:

Դուրեանի գրածները կրնանք բաժնել երեք մասի.-

1) Թատերախաղեր.- «Վարդ եւ Շուշան», «Սեւ Հողեր», «Արտաշէս Ա. Աշխարհակալ», «Անկումն Արշակունի Հարստութեան», «Ասպատակութիւն Պարսկաց ի Հայս», «Կործանումն Հռովմայ Իշխանութեան», «Շուշանիկ», «Կործանումն Անի Մայրաքաղաքին Բագրատունեաց», «Տիգրան Բ.» եւ «Թատրոն կամ Թշուառներ», որուն մէջ բանաստեղծը իր թշուառ կեանքէն պատկերներ կու տայ մեզի։

Պ. Դուրեանի թատերախաղերը կը կրեն ժամանակի ճաշակին ու պահանջներուն կնիքը: Անոնք աւելի հայրենասիրական ճառեր, ողբեր ու ոգեկոչումներ են, քան կենդանի պատկերացում անձերու եւ դէպքերու:

Այսուհանդերձ պատմական ողբերգութիւններու սեռին մէջ, ժամանակակիցներուն հետ բաղդատած, Պ. Դուրեան քայլ մը առաջ անցած է։ Ոչ միայն թագաւորներ եւ իշխաններ բեմ կը հանէ, այլ նաեւ հասարակ գիւղացին եւ արտայայտութիւն կու տայ անոր ընդվզումներուն («Անկումն Արշակունեաց Հարստութեան»):

2) Բանաստեղծութիւններ.- Թիւով 40 հատ, որոնցմէ 9 հատը հայրենասիրական եւ ազգային բովանդակութիւն ունին, ինչպէս՝ «Իմ Ցաւը», «Իղձ առ Հայաստան», «Ի Պատրիարքական Ընտրութիւն Ամեն. Հայրիկին», «Երգ Մարտին Վարդանանց» եւայլն: Միւսները կ'երգեն Դուրեանի անձնական զգացումները։

3) Նամակներ,- Թիւով 15, գրուած 1869–71ի միջեւ, հիւանդութեան ամիսներուն: Անոնք արձակ բանաստեղծութիւններու գեղեցիկ փունջ մը կը կազմեն: Այդ նամակները կը լուսաւորեն իր ներաշխարհը եւ իմաստասիրական գաղափարները։ Անոնք իր բանաստեղծութիւններուն լրացուցիչ մասերն են:

Դուրեան ունէր նաեւ կիսատ մնացած ինքնակենսագրական վէպ մը՝ «Ոսփորի Գիշերներ» խորագրով, որուն ձեռագիրը կորսուած է, հաւանաբար զոհ երթալով 1873ին իր հայրենի տունը մոխրացնող հրդեհին:

Դուրեանի ձգած անտիպ սեւագրութիւններուն մէջէն կարելի եղաւ դուրս բերել եւ տպագրութեան յանձնել մէկ արարնոց թատերախաղ մը, որ կը ներկայացնէ Մ. Նալբանդեանը՝ Սիպերիա աքսորուած:

 Այսօրուայ համար այսքանը, յառաջիկային կը շարունակենք Պետրոս Դուրեանի նուիրած մեր հաղորդման  վերջին մասը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2024, 09:04