Որոնել

 Օդակայաններու մէջ դժուարութիւններ Օդակայաններու մէջ դժուարութիւններ  (ANSA)

Ամբողջ աշխարհի տարածքին օդակայաններու, լրատուամիջոցներու եւ դրամատուներու աշխատանքին մէջ խանգարումներ

Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ եւս խափանումներ արձանագրուած են: Խափանում յառաջացած է նաեւ տարբեր երկիրներու դրամատուներու եւ պատկերասփիւռի կայաններու, ներառեալ բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի աշխատանքին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու օդանաւային ընկերութիւններու աշխատանքին մէջ համաշխարհային խափանումներ տեղի ունեցած են «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան «Ուինտոզ» համակարգի խանգարման պատճառով: Այս մասին հաղորդեցին «Ռոյթըրզ»-ը, «Ֆորպզ»-ը, «Տի Էքոնոմիք Թայմզ»-ն ու «Սի.Էն.Էն.»-ը:

Ամերիկեան մեծագոյն օդանաւային ընկերութիւնները յայտարարած են խանգարումին պատճառով թռիչքներու դադրեցման մասին:

«Թըրքիշ Էրլայնզ» նոյնպէս յայտնած է խանգարումի մասին, որ տոմսերու ամրագրման եւ արձանագրման առնչուած խնդիրներ յառաջացուցած է:

Նոյնը եղած է կացութիւնը Հնդկաստանի եւ Գերմանիոյ շարք մը օդակայաններուն մէջ: Սպանիոյ բոլոր օդակայաններուն մէջ տեղի ունեցած է «համակարգչային համակարգերու առնչուած միջադէպ»: Բրիտանիոյ քանի մը օդակայաններ նոյնպէս ստիպուած եղած են դադրեցնելու թռիչքները:

Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ եւս խափանումներ արձանագրուած են:

Խափանում յառաջացած է նաեւ տարբեր երկիրներու դրամատուներու եւ պատկերասփիւռի կայաններու, ներառեալ բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի աշխատանքին մէջ:

Բոլոր «Ուինտոզ» համակարգիչները, որոնց վրայ տեղադրուած է «ՔրաուտՍթրայք» ծրագիրը, չեն աշխատիր: Միայն կապոյտ պաստառներ կ՛երեւին: Սարքերը «կ՛անջատուին համացանցէն եւ կ՛անցնին անվերջ վերագործարկման փուլ»:

«Մայքրոսոֆթ» ընկերութիւնը յայտնած է, որ «Ուինտոզ» համակարգի լայնածաւալ խափանումի հարցը կը փորձեն լուծել, ծառայութիւնները կը վերականգնուին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2024, 08:44