Ամբողջ աշխարհի տարածքին օդակայաններու, լրատուամիջոցներու եւ դրամատուներու աշխատանքին մէջ խանգարումներ
Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու օդանաւային ընկերութիւններու աշխատանքին մէջ համաշխարհային խափանումներ տեղի ունեցած են «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան «Ուինտոզ» համակարգի խանգարման պատճառով: Այս մասին հաղորդեցին «Ռոյթըրզ»-ը, «Ֆորպզ»-ը, «Տի Էքոնոմիք Թայմզ»-ն ու «Սի.Էն.Էն.»-ը:
Ամերիկեան մեծագոյն օդանաւային ընկերութիւնները յայտարարած են խանգարումին պատճառով թռիչքներու դադրեցման մասին:
«Թըրքիշ Էրլայնզ» նոյնպէս յայտնած է խանգարումի մասին, որ տոմսերու ամրագրման եւ արձանագրման առնչուած խնդիրներ յառաջացուցած է:
Նոյնը եղած է կացութիւնը Հնդկաստանի եւ Գերմանիոյ շարք մը օդակայաններուն մէջ: Սպանիոյ բոլոր օդակայաններուն մէջ տեղի ունեցած է «համակարգչային համակարգերու առնչուած միջադէպ»: Բրիտանիոյ քանի մը օդակայաններ նոյնպէս ստիպուած եղած են դադրեցնելու թռիչքները:
Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ եւս խափանումներ արձանագրուած են:
Խափանում յառաջացած է նաեւ տարբեր երկիրներու դրամատուներու եւ պատկերասփիւռի կայաններու, ներառեալ բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի աշխատանքին մէջ:
Բոլոր «Ուինտոզ» համակարգիչները, որոնց վրայ տեղադրուած է «ՔրաուտՍթրայք» ծրագիրը, չեն աշխատիր: Միայն կապոյտ պաստառներ կ՛երեւին: Սարքերը «կ՛անջատուին համացանցէն եւ կ՛անցնին անվերջ վերագործարկման փուլ»:
«Մայքրոսոֆթ» ընկերութիւնը յայտնած է, որ «Ուինտոզ» համակարգի լայնածաւալ խափանումի հարցը կը փորձեն լուծել, ծառայութիւնները կը վերականգնուին:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ