Հրապարակի վրայ է «Մոնոփոլի»ի հայկական տարբերակը
Առաջին անգամ ըլլալով յառաջիկայ օրերուն վաճառքի պիտի հանուի «Մոնոփոլի» հանրածանօթ խաղի՝ Հայաստանի պատշաճեցուած տարբերակը՝ «Monopoly Armenia»:
Խաղը պատրաստուած է «Հասպրօ»-ի, «Իմփէքթ Փրոմօ»-ի եւ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան յանձնախումբի համագործակցութեամբ:
Հեղինակները խաղի մասնակիցներուն կը խոստանան հետաքրքրական ճամբորդութիւն մը հայկական մշակոյթի, պատմութեան ու տեսարժան վայրերուն մէջ:
Այսպէս, խաղացողները Արարատ լեռան մօտէն «կը սաւառնին» Երեւանի պողոտաները, ձեռք կը բերեն սեփականութիւն եւ կը կառուցեն իրենց հարստութիւնը, կը մրցին վերջնական յաղթանակի համար:
Խաղը կարելի է ձեռք բերել առցանց մինչեւ Սեպտեմբեր 30, դիմելով հետեւեալ հասցէին՝ https://www.impactpromos.games/
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ