Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակցեցաւ կրօնական բնագաւառէն ներս կիներու մասնակցող քաջալերող համագումարին։
2006 թուականին Լիբանանի մէջ հիմնուած «Ատիէն» (Adyan) կազմակերպութիւնը տարեկան այլազան բնոյթի հանդիպումներ կազմակերպելով՝ կը փորձէ հասարակաց արժէքներու շուրջ համախմբել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւորականներ, երիտասարդներ, մտաւորականներ եւ զանազան բնագաւառներու պատկանող մասնագէտներ։ Այս կազմակերպութիւնը գրասենեակներ ունի տարբեր երկիրներու մէջ։ Անոր նպատակն է երկխօսութիւն ու համագործակցութիւն յառաջացնել կրօններու միջեւ, յատկապէս իսլամութեան ու քրիստոնէութեան։
Առ այդ, Շաբաթ, 29 Յունիս 2024-ին, նախաձեռնութեամբ «Ատիէն» կազմակերպութեան, տեղի ունեցաւ միջ-կրօնական համագումար մը, որուն նպատակն էր քաջալերել կիներու դերակատարութիւնը, մասնակցութիւնը եւ իրաւունքները կրօնական բնագաւառէն ներս: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին մարոնի, յոյն ուղղափառ ու կաթոլիկ, հայ ուղղափառ ու աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ տիւրզի համայնքէն ներկայացուցիչ մը։
Համագումարի ընթացքին Սեն Ճոզեֆ համալսարանի երկու դասախօսներ յաջորդաբար ներկայացուցին կնոջ համահաւասար դիրքը ստեղծագործութեան մէջ եւ ապա խօսեցան քրիստոնէութեան ու իսլամութեան պրիսմակէն դիտուած կնոջ բարձր արժէքին մասին: Աստուածաշունչէն եւ Քուրանէն մէջբերումներ կատարելով՝ դասախօսները շեշտեցին կրօններու զարգացման ու տարածման մէջ կիներուն ունեցած դերակատարութեան մասին։
Յիշեալ համագումարին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական ու իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութեանց պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։
Յայտնենք, որ տարի մը առաջ «Ատիէն» կազմակերպութեան պատասխանատուներ այցելած էին Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայացուցած կազմակերպութեան յառաջիկայ ծրագիրները։ Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեալ կազմակերպութեան մէջ Կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչ նշանակած է Հայր Սարգիսը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ