Ռոպերթա Մեցոլա վերընտրուած է Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ
Քուէարկութիւնը հեռարձակուած է խորհրդարանի կայքին վրայ: Մեցոլայի թեկնածութեան օգտին քուէարկած է խորհրդարանի 720 անդամներէն 562-ը:
Մալթացի քաղաքական գործիչ Ռոպերթա Մեցոլա վերընտրուած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ: Ան 2,5 տարի պիտի պաշտօնավարէ:
Քուէարկութիւնը հեռարձակուած է խորհրդարանի կայքին վրայ: Մեցոլայի թեկնածութեան օգտին քուէարկած է խորհրդարանի 720 անդամներէն 562-ը:
Անոր մրցակիցը` Սպանիայէն երեսփոխան, «Փոտեմոս» («Մենք կարող ենք») ձախակողմեան սպանական կուսակցութեան անդամ Իրեն Մոնթերոն էր:
45-ամեայ Մեցոլա Եւրոպական խորհրդարանի անդամ ընտրուած է 2013 թուականին: Ան կը ներկայացնէ եւրոպական օրէնսդիր մարմինի մեծագոյն խորհրդարանական ուժը` աջ կեդրոնի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
17/07/2024, 08:36