Թրամփ մահափորձի ենթարկուեցաւ Թրամփ մահափորձի ենթարկուեցաւ  (ANSA)

Թրամփ մահափորձի ենթարկուեցաւ

Թրամփին անվտանգութեան հսկող նախագահական թիկնապահական ծառայութիւնը` Գաղտնի ծառայութիւնը յայտնեց, որ զինեալն ու ներկաներէն մէկը մահացած են, իսկ հաւաքի երկու մասնակիցներ ծանրօրէն վիրաւորուած են:

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Փենսիլվենիա նահանգի Պաթլըր քաղաքին մէջ ընտրական հաւաքի ընթացքին աջ ականջէն վիրաւորուեցաւ, երբ զինեալ մը մօտակայ շէնքի մը տանիքէն անոր վրայ կրակ բացաւ:

Թրամփին անվտանգութեան հսկող նախագահական թիկնապահական ծառայութիւնը` Գաղտնի ծառայութիւնը յայտնեց, որ զինեալն ու ներկաներէն մէկը մահացած են, իսկ հաւաքի երկու մասնակիցներ ծանրօրէն վիրաւորուած են:

«Էֆ.Պի.Այ.»-ը հաստատեց, որ տեղի ունեցածը մահափորձ էր` աւելցնելով, որ մահափորձին հեղինակը` Փենսիլվենիա նահանգի Բեթել Փարք քաղաքի բնակիչ 20-ամեայ Թամըս Մեթիու Քրուքս, թիկնապահներուն կողմէ սպաննուած է: Քրուքս թէեւ մահափորձէն առաջ տեսաուղերձ մը հրապարակելով յայտարարած էր, որ Թրամփն ու Հանրապետական կուսակցութիւնը կ՛ատէ, «Ռոյթըրզ» եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդեցին, որ ան ընտրական ցանկերուն վրայ Հանրապետական կուսակցութեան քուէարկող էր: «Էֆ.Պի.Այ.»-ը աշխատանք կը տանի բացայայտելու անոր քայլին դրդապատճառը:

Մահափորձը տեղի ունեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան այսօր սկսող ընդհանուր ժողովէն մէկ օր առաջ: Կը նախատեսուի, որ ընդհանուր ժողովը Թրամփը ընտրէ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու:

Ամերիկեան լրատուամիջոցներու նախնական հաղորդագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ նախագահական ընտրութեան ընթացքին Թրամփի յաղթանակի հաւանականութեան ցուցանիշը այժմ հասած է 70 առ հարիւրի:

Թրամփի մահափորձէն ետք ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ «միայն Աստուած էր, որ անմտածելին կանխարգիլեց»` աւելցնելով. «Պիտի չվախնանք»: «Այս պահուս, աւելի քան երբեք կարեւոր է, որ միասնական մնանք եւ ցոյց տանք իբրեւ ամերիկացիներ մեր իսկական նկարագիրը, մնալով ուժեղ ու վճռական, եւ չարիքին յաղթանակը չարտօնելու»:

Արձագանգներ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դատապարտեց Թրամփի դէմ մահափորձը` յայտնելով. «Ուրախ եմ լսելով, որ ան ապահով է եւ ինքզինք լաւ կը զգայ: Ես կ՛աղօթեմ անոր եւ անոր ընտանիքին համար: Ճիլը եւ ես երախտապարտ ենք Գաղտնի ծառայութեան` զինք փրկելուն համար: Ամերիկայի մէջ նման բռնութեան համար տեղ չկայ: Մեր ժողովուրդը պէտք է միաւորուի զայն դատապարտելու համար»:

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց. «Քաղաքական բռնութիւնը մեր ժողովրդավարութեան մէջ բացարձակապէս տեղ չունի»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Քրեմլինը խստօրէն կը դատապարտէ «քաղաքական պայքարի ընթացքին բռնութեան որեւէ դրսեւորում: Թեկնածու Թրամփը քաղաքական դաշտէն վերացնելու բազմաթիւ փորձերէ ետք` նախ օգտագործելով իրաւական գործիքները, դատարանները, դատախազները, թեկնածուն քաղաքականապէս վարկաբեկելու փորձերէն ետք բոլոր արտաքին դէտերուն համար ակնյայտ է, որ անոր կեանքին վտանգ կը սպառնայ»:

«Մենք ընդհանրապէս չենք կարծեր եւ չենք հաւատար, որ նախագահի թեկնածու Թրամփը սպաննելու փորձը կազմակերպած է ներկայ կառավարութիւնը, սակայն այն մթնոլորտը, որ այս վարչակազմին կողմէ քաղաքական պայքարի ընթացքին ստեղծուած է թեկնածու Թրամփի շուրջ, ցոյց կու տայ հրահրուած է այս ամէնը», ըսաւ Քրեմլինի բանբերը:

Ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չի նախատեսեր հեռաձայնել Թրամփին: «Որքանով ես գիտեմ, ո՛չ, նման ծրագիրներ չկան», ըսաւ ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Փութին կը նախատեսէ՞ հեռաձայնել Թրամփին:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու առաջիններէն էր, որ արձագանգած է` ըսելով, որ ինք եւ իր կինը «ցնցուած են» նախագահ Թրամփի վրայ յարձակումէն եւ կ՛աղօթեն անոր անվտանգութեան ու շուտափոյթ ապաքինման համար:

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ գրած է, որ իր միտքերն ու աղօթքները «նախագահ Թրամփ»-ի հետ են այս ծանր պահուն:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Իմ միտքերս նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ են, որ մահափորձի ենթարկուած է: Ողբերգութիւն` մեր ժողովրդավարական երկիրներուն համար: Ֆրանսան կը կիսէ ամերիկացի ժողովուրդի ցնցումն ու վրդովումը»:

Չինաստանի ղեկավար Շի Ճինփինկ «աջակցութիւն» յայտնեց Թրամփին:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խստօրէն դատապարտեց Թրամփի դէմ մահափորձը: Ան յայտարարեց, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Միացեալ Նահանգներուն` իբրեւ իր դաշնակիցը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2024, 10:16