2020.09.25 Bandiere EU ARMENIA

Եւրոպական Միութիւնը հաստատեց Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման բանակցութիւններու սկսելու առաջարկը

17 Յուլիսին տրուած որոշումին մէջ կը նշուի, որ վիզաներու պահանջը պիտի չեղարկուի, երբ Հայաստան համապատասխանէ անհրաժեշտ բոլոր չափանիշերուն: Իբրեւ կանոն, Պրիւքսէլ կ՛առաջադրէ չորս հիմնական պահանջներ` սահմաններու կառավարումէն մինչեւ կազմակերպուած յանցաւորութեան ու փտածութեան դէմ պայքար:

Տարիներ տեւած բանակցութիւններէ ետք, 17 Յուլիսին, Եւրոպական Միութիւնը անդամ բոլոր երկիրներու դեսպաններու մակարդակով վերջապէս հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ բանակցութիւններու սկսելու` Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկին։ Այս մասին Պրիւքսէլէն դիւանագիտական աղբիւրները յայտնեցին «Ազատութեան»:

«Այժմ արդէն` անդամ 27 երկիրներու հաւանութենէն ետք, հարցը պաշտօնական հաստատման կը դրուի Եւրոպական Միութեան Խորհուրդին մէջ, ապա կը փոխանցուի Եւրոպական յանձնաժողովին, որ պիտի յայտնէ, թէ ճիշդ ե՛րբ կը սկսին բանակցութիւնները, եւ գործողութիւններու ի՛նչ ծրագիր կը դրուի Երեւանի դիմաց», բացատրեց «Ազատութիւն» կայանի Եւրոպայի հարցերու խմբագիր Ռիքարտ Եոզուիաք՝ աւելցնելով, որ կ՛ենթադրուի մնայուն գործընթաց մը։

«Այդ կը նշանակէ, որ պիտի ներկայացուին կատարուած քայլերուն մասին տարեկան զեկոյցներ, որոնք պիտի շարունակուին քանի մը տարի», ըսաւ ան՝ դիտել տալով, որ անոնք 3էն 9 տարի կը տեւեն ։ «Ասիկա գործընթացին սկիզբն է, զոր աւարտին հասցնելու համար ժամանակ կը պահանջուի», աւելցուց Եոզուիաք:

17 Յուլիսին տրուած որոշումին մէջ կը նշուի, որ վիզաներու պահանջը պիտի չեղարկուի, երբ Հայաստան համապատասխանէ անհրաժեշտ բոլոր չափանիշերուն: Իբրեւ կանոն, Պրիւքսէլ կ՛առաջադրէ չորս հիմնական պահանջներ` սահմաններու կառավարումէն մինչեւ կազմակերպուած յանցաւորութեան ու փտածութեան դէմ պայքար:

«Ասիկա հարիւրաւոր էջերէ բաղկացած ծաւալուն պահանջներու ցանկ մըն է, զոր Հայաստան պէտք է իրագործէ, եւ անոր համար տարիներ կը պահանջուի», ըսաւ Եոզուիաք:

Անհրաժեշտ գործողութիւններու այդ ծրագիրը կազմելու եւ ներկայացնելու համար, Պրիւքսէլէն շուրջ կէս տարի կը պահանջուի, բայց, որովհետեւ Յունիսին տեղի ունեցած Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններէն ետք նոր Եւրոպական յանձնաժողով չէ կազմուած տակաւին, պատկերացում կայ, որ Հայաստանի պարագային պահանջներու այդ ցանկը պիտի ներկայացուի կա՛մ այս տարեվերջին, կա՛մ միւս տարուան սկիզբը: Զանոնք ամբողջութեամբ իրագործելէ ետք, սակայն, Հայաստան կարեւոր խոչընդոտ մը եւս պէտք է յաղթահարէ:

«Այս հարցին մէջ վերջնական որոշում տալու իրաւունք ունին երկու կառոյցներ․ մէկը Եւրոպական խորհրդարանն է, ուր Հայաստան անհրաժեշտ աջակցութիւնը ունի, երկրորդը` անդամ երկիրները: Բոլոր 27ն պէտք է միասին իրենց համաձայնութիւնը տան, ինչ որ միշտ դիւրին չէ, որովհետեւ հիմա Եւրոպայի մէջ, ապօրինի ներգաղթին դէմ շարժում մը ընթացք կ՛առնէ», պարզաբանեց Եոզուիաք:

Ասոր զուգահեռ, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները հաստատեցին նաեւ Հայաստանին Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն 10 միլիոն եուրօ յատկացնելու առաջարկը: Այդ գումարով կը նախատեսուի Հայաստանի բանակին մէկ գումարտակի համար դաշտային ճամբար մը կառուցել:

«Այս որոշումները ցոյց կու տան, որ Հայաստան քիչ մը աւելի կը թեքի դէպի Պրիւքսէլ, բայց քննարկումները՝ Եւորական Միութեան անդամակցութեան մասին տակաւին շատ վաղաժամ են», ըսաւ Եոզուիաք։

Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան յայտնեց, որ Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան սկսելու, ինչպէս նաեւ`Հայաստանին Եւրոպական խաղաղութեան գործիքակազմով աջակցութիւն տրամադրելու հարցերը ներառուած են Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի (նախարարներու խորհուրդի) 22 Յուլիսի նիստի օրակարգին վրայ:

«Այս երկու հարցերի վերաբերեալ որոշումները համապատասխանաբար կը կայացուեն այդ օրը», կը յայտնէ Եղոյեան։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2024, 08:13