Փաուըր. «Կոչ կ՛ուղղենք ապահովելու լեռնային Ղարաբաղէն ընտանիքներու իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքները»
Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր, պատասխանելով «Նիուզ»-ի թղթակիցի հարցումին, յայտնած է. «Կոչ կ՛ուղղենք ապահովելու (Արցախէն, «Ա.») այդ մարդոց եւ ընտանիքներու իրաւունքները, որպէսզի անոնք կարենան ապահով վերադառնալ իրենց տուները»:
Անոր համաձայն, բազմաթիւ ընտանիքներ կ՛ուզեն այցելել եկեղեցիներ, տաճարներ, հարազատներու շիրիմներ, սակայն մինչեւ հիմա այդ վերադարձը չէ եղած: Ան վստահեցուց, որ գործակալութիւնը պիտի շարունակէ կոչ ուղղել եւ աշխատիլ այս ուղղութեամբ:
Ան նաեւ ըսած է, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կ՛ուսումնասիրուին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով: «Մենք տեղեակ ենք վերջերս հրապարակուած վերջին զեկուցումներէն, որոնք կը բովանդակեն փաստագրուած տուեալներ եւ հարցազրոյցներ բազմաթիւ ընտանիքներու հետ, որոնք ապրած են վերջին տարիներու եւ, մասնաւորաբար, 2023 թուականի սեպտեմբերի իրադարձութիւնները», աւելցուցած է ան` ափսոսանքով նշելով, որ չի կրնար արտաքին գործոց նախարարութենէն առաջ այս առնչութեամբ գնահատական տալ:
Փաուըր ըսած է, որ Հայաստանը մօտ է կնքելու Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը, որ կրնայ վերջ տալ տասնամեակներ տեւած տագնապին:
«Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնն ու Միացեալ Նահանգները պատրաստ են օգնելու Հայաստանին ամրապնդելու ժողովրդավարութիւնը եւ հասնելու Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան: Ես այսօր այստեղ եմ, որովհետեւ Հայաստանը կարելիութիւն ունի հասնելու բարգաւաճման, ամրապնդելու իր ժողովրդավարութիւնը եւ հասնելու այն խաղաղութեան, որուն մասին մարդիկ շատոնց երազած են: Միացեալ Նահանգները պատրաստ են օգնելու Հայաստանին առաւելագոյնս օգտագործելու այս կարելիութիւններու պատուհանը», աւելցուցած է ան:
Փաուըր նշած է, որ խաղաղութեան օգուտները զգալի պիտի ըլլան նաեւ Ազրպէյճանի ժողովուրդին համար: «Ըստ վերջին հարցախոյզին, այնտեղ նոյնպէս լայն աջակցութիւն կայ խաղաղութեան օրակարգին: Մենք կոչ կ՛ուղղենք մարդասիրական վերաբերմունք ցուցաբերելու եւ յարգելու Ազրպէյճանի մէջ բանտարկեալներու իրաւունքները», նշած է ան:
Փաշինեան Եւ Փաուըր Քննարկած Են
Հայաստան–Ազրպէյճան Խաղաղութեան Հոլովոյթը
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սամանթա Փաուըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Վարչապետը ողջունած է Փաուըրի այցելութիւնը եւ ընդգծած Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան ծիրին մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Ան բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները, որոնց նպատակը ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացումն է: Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ բարեփոխումներու ուղղութեամբ հետեւողական քայլերը:
Սամանթա Փաուըր նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութիւնը եւ պատրաստ է հետեւողականօրէն աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրներուն` ի նպաստ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դիմակայունութեան բարձրացման ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, միտքեր փոխանակած միացեալ նոր ծրագիրներու հեռանկարներու շուրջ: Կարեւոր նկատուած է Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու օրակարգի եւ հաստատութենական կարողութիւններու, ներառեալ ռազմավարական հաղորդակցութեան զարգացման ուղղութեամբ: Նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը 5 միլիոն տոլարի նոր ֆինանսաւորում պիտի տրամադրէ` աջակցելու «Ամազոն ուեպ սըրվիսի» եւ կառավարութեան համագործակցութեան` Հայաստանի մէջ ենթակառոյցներու ներդրման ու կարողութիւններու զարգացման նպատակով:
Անդրադարձ կատարուած է Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներուն, անոնց լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան քայլերուն, ներառեալ բնակարանային ապահովման ծրագիրին: Այս ծիրին մէջ վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատած է միջազգային ընտանիքի շարունակական աջակցութեան կարեւորութիւնը եւ 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի հանդիպումին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութիւնը:
Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին վերաբերող հարցերու:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ