Սամանթա Փաուըր Սամանթա Փաուըր 

Փաուըր. «Կոչ կ՛ուղղենք ապահովելու լեռնային Ղարաբաղէն ընտանիքներու իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքները»

Անոր համաձայն, բազմաթիւ ընտանիքներ կ՛ուզեն այցելել եկեղեցիներ, տաճարներ, հարազատներու շիրիմներ, սակայն մինչեւ հիմա այդ վերադարձը չէ եղած: Ան վստահեցուց, որ գործակալութիւնը պիտի շարունակէ կոչ ուղղել եւ աշխատիլ այս ուղղութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր, պատասխանելով «Նիուզ»-ի թղթակիցի հարցումին, յայտնած է. «Կոչ կ՛ուղղենք ապահովելու (Արցախէն, «Ա.») այդ մարդոց եւ ընտանիքներու իրաւունքները, որպէսզի անոնք կարենան ապահով վերադառնալ իրենց տուները»:

Անոր համաձայն, բազմաթիւ ընտանիքներ կ՛ուզեն այցելել եկեղեցիներ, տաճարներ, հարազատներու շիրիմներ, սակայն մինչեւ հիմա այդ վերադարձը չէ եղած: Ան վստահեցուց, որ գործակալութիւնը պիտի շարունակէ կոչ ուղղել եւ աշխատիլ այս ուղղութեամբ:

Ան նաեւ ըսած է, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կ՛ուսումնասիրուին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով: «Մենք տեղեակ ենք վերջերս հրապարակուած վերջին զեկուցումներէն, որոնք կը բովանդակեն փաստագրուած տուեալներ եւ հարցազրոյցներ բազմաթիւ ընտանիքներու հետ, որոնք ապրած են վերջին տարիներու եւ, մասնաւորաբար, 2023 թուականի սեպտեմբերի իրադարձութիւնները», աւելցուցած է ան` ափսոսանքով նշելով, որ չի կրնար արտաքին գործոց նախարարութենէն առաջ այս առնչութեամբ գնահատական տալ:

Փաուըր ըսած է, որ Հայաստանը մօտ է կնքելու Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը, որ կրնայ վերջ տալ տասնամեակներ տեւած տագնապին:

«Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնն ու Միացեալ Նահանգները պատրաստ են օգնելու Հայաստանին ամրապնդելու ժողովրդավարութիւնը եւ հասնելու Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան: Ես այսօր այստեղ եմ, որովհետեւ Հայաստանը կարելիութիւն ունի հասնելու բարգաւաճման, ամրապնդելու իր ժողովրդավարութիւնը եւ հասնելու այն խաղաղութեան, որուն մասին մարդիկ շատոնց երազած են: Միացեալ Նահանգները պատրաստ են օգնելու Հայաստանին առաւելագոյնս օգտագործելու այս կարելիութիւններու պատուհանը», աւելցուցած է ան:

Փաուըր նշած է, որ խաղաղութեան օգուտները զգալի պիտի ըլլան նաեւ Ազրպէյճանի ժողովուրդին համար: «Ըստ վերջին հարցախոյզին, այնտեղ նոյնպէս լայն աջակցութիւն կայ խաղաղութեան օրակարգին: Մենք կոչ կ՛ուղղենք մարդասիրական վերաբերմունք ցուցաբերելու եւ յարգելու Ազրպէյճանի մէջ բանտարկեալներու իրաւունքները», նշած է ան:

Փաշինեան Եւ Փաուըր Քննարկած Են
Հայաստան–Ազրպէյճան Խաղաղութեան Հոլովոյթը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան  կառավարիչ Սամանթա Փաուըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է Փաուըրի այցելութիւնը եւ ընդգծած Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան ծիրին մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Ան բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները, որոնց նպատակը ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացումն է: Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ բարեփոխումներու ուղղութեամբ հետեւողական քայլերը:

Սամանթա Փաուըր նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութիւնը եւ պատրաստ է հետեւողականօրէն աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրներուն` ի նպաստ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դիմակայունութեան բարձրացման ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, միտքեր փոխանակած միացեալ նոր ծրագիրներու հեռանկարներու շուրջ: Կարեւոր նկատուած է Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու օրակարգի եւ հաստատութենական կարողութիւններու, ներառեալ ռազմավարական հաղորդակցութեան զարգացման ուղղութեամբ: Նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը 5 միլիոն տոլարի նոր ֆինանսաւորում պիտի տրամադրէ` աջակցելու «Ամազոն ուեպ սըրվիսի» եւ կառավարութեան համագործակցութեան` Հայաստանի մէջ ենթակառոյցներու ներդրման ու կարողութիւններու զարգացման նպատակով:

Անդրադարձ կատարուած է Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներուն, անոնց լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան քայլերուն, ներառեալ բնակարանային ապահովման ծրագիրին: Այս ծիրին մէջ վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատած է միջազգային ընտանիքի շարունակական աջակցութեան կարեւորութիւնը եւ 5 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի հանդիպումին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութիւնը:

Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ»  նախագիծին վերաբերող հարցերու:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2024, 07:55