Demonstration after presidential elections in Caracas

Վենեզուելայի Իշխանութիւններն ու ընդդիմութիւնը նախագահական ընտրութեան մէջ իրենց յաղթանակը կը յայտարարեն

Վենեզուելայի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարած էր, որ Մատուրօ ապահոված է քուէներուն 51 առ հարիւրը:

Վենեզուելայի ընդդիմութիւնը յայտարարեց, թէ իր թեկնածուն` Էտմոնտօ Կոնծալես երկրի նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրած է` ապահովելով քուէներուն 70 առ հարիւրը` մերժելով Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ գործող նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի իրերայաջորդ 3-րդ նստաշրջանի համար նախագահ ընտրուած ըլլալու յայտարարութիւնը:

Ընդդիմութեան ղեկավար Մարիա Քորինա Մաչատօ յայտնեց. «Վենեզուելան ընտրուած նոր նախագահ ունի, ան Էտմոնտօ Կոնծալեսն է»:

Վենեզուելայի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարած էր, որ Մատուրօ ապահոված է քուէներուն 51 առ հարիւրը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2024, 07:24