2024.07.17 Centrale nucleare di Metsamor in Armenia

Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի մէջ հետազօտութիւն կը կատարեն փոքր չափի հիւլէական կայան կառուցելու հարցին շուրջ

Կը նշուի նաեւ, որ հետազօտութիւնը կը նախատեսուի աւարտել ամէնէն ուշը 2025 թուականի գարնան:

Ամերիկեան ընկերութիւն մը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ թեքնիք-տնտեսական հետազօտութիւն կը կատարէ փոքր չափի հիւլէական կայանի կառուցման նպատակայարմարութեան շուրջ: Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա»-ի գրաւոր հարցումին ի պատասխան յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարութիւնը:

Նախարարութիւնը, սակայն, չի նշեր ամերիկեան ընկերութեան անունը:

«Ամերիկեան հեղինակաւոր ընկերութիւններէն մէկը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պատուէրով հայկական կողմին հետ համատեղ կը կատարէ թեքնիք-տնտեսական հետազօտութիւն ամերիկացի արտադրողներու կողմէ առաջարկուող փոքր չափի ճարտարագիտութիւններու վերաբերեալ: Հետազօտութեան նպատակն է բացայայտել, թէ ո՛ր արտադրողին ճարտարագիտութիւնը աւելի յարմար է Հայաստանի կարիքներու բաւարարման համար, եւ թէ Հայաստանի պարագային ի՛նչ ճարտարագիտութիւն եւ ի՛նչ հզօրութիւն ունեցող կայանը առաւել արդիւնաւէտ եւ տնտեսապէս շահաւէտ կ՛ըլլայ», նշուած է նախարարութեան պատասխանին մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ հետազօտութիւնը կը նախատեսուի աւարտել ամէնէն ուշը 2025 թուականի գարնան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2024, 07:56