Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններ այցելեցին Մարգարայի անցակէտը եւ Իջեւան
Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններ այցելեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանի Մարգարայի անցակէտը: Դեսպաններուն կ՛ընկերակցէր Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան:
Դեսպաններուն ներկայացուեցան անցակէտի ենթակառուցուածքներու արդիականացման աշխատանքները, սահմանային հսկողութիւն իրականացնելու առանձնայատկութիւնները եւ մաքսային բարեփոխումներու հիմնական ուղղութիւնները, որոնց կարգին` առեւտուրի դիւրացումը, թուայնացումը եւ ենթակառուցուածքներու արդիականացումը, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութեան շրջանակին մէջ իրականացուող ծրագիրներ եւ արձանագրուած ձեռքբերումները:
Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Քլաուտիա Պուշ, Գերմանիոյ խորհրդարանի եւ «Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնարկի պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Իջեւանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութեան: Այս մասին նշուած է առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ: Կողմերուն միջեւ տեղի ունեցաւ արդիւնաւէտ քննարկում մը` սահմանազատման վերջին գործընթացին եւ գետնի վրայ առաքելութեան արժէքաւոր աշխատանքին։
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ