Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններ այցելեցին Մարգարայի անցակէտը եւ Իջեւան Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններ այցելեցին Մարգարայի անցակէտը եւ Իջեւան 

Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններ այցելեցին Մարգարայի անցակէտը եւ Իջեւան

Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններ այցելեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանի Մարգարայի անցակէտը: Դեսպաններուն կ՛ընկերակցէր Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան:

Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններ այցելեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանի Մարգարայի անցակէտը: Դեսպաններուն կ՛ընկերակցէր Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան:

Դեսպաններուն ներկայացուեցան անցակէտի ենթակառուցուածքներու արդիականացման աշխատանքները, սահմանային հսկողութիւն իրականացնելու առանձնայատկութիւնները եւ մաքսային բարեփոխումներու հիմնական ուղղութիւնները, որոնց կարգին` առեւտուրի դիւրացումը, թուայնացումը եւ ենթակառուցուածքներու արդիականացումը, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութեան շրջանակին մէջ իրականացուող ծրագիրներ եւ արձանագրուած ձեռքբերումները:

Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Քլաուտիա Պուշ, Գերմանիոյ խորհրդարանի եւ «Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնարկի պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Իջեւանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութեան: Այս մասին նշուած է առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ:  Կողմերուն միջեւ տեղի ունեցաւ արդիւնաւէտ քննարկում մը` սահմանազատման վերջին գործընթացին եւ գետնի վրայ առաքելութեան արժէքաւոր աշխատանքին։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2024, 07:47