Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւն 

Սահմանադրական դատարանը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը երկրին սահմանադրութեան համապատասխանող նկատեց

Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը հրապարակեց 30 Օգոստոս 2024ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ու Ադրբեջանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին» կանոնակարգին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւններուն՝ սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցին վերաբերեալ որոշումը։

Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը հրապարակեց 30 Օգոստոս 2024ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ու Ադրբեջանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին» կանոնակարգին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւններուն՝ սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցին վերաբերեալ որոշումը, որմով անիկա Սահմանադրութեան համապատասխանող նկատուեցաւ: 

Սահմանադրական դատարանին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.

«Ելնելով գործի քննութեան արդիւնքներից եւ ղեկավարուելով Սահմանադրութեան 168րդ յօդուածի 3րդ կէտով, 170րդ յօդուածի 1ին եւ 4րդ մասերով, ինչպէս նաեւ «Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքի 63, 64 եւ 74րդ յօդուածներով՝ Սահմանադրական դատարանը որոշեց.

«1. 2024 թուականի Օգոստոսի 30ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ու Ադրբեջանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան մասին» կանոնակարգում ամրագրուած պարտաւորութիւնները համապատասխանում են Սահմանադրութեանը: 

«2. Սահմանադրութեան 170րդ յօդուածի 2րդ մասի համաձայն՝ սոյն որոշումը վերջնական է եւ ուժի մէջ է մտնում հրապարակման պահից»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2024, 07:53