Ռոպեր Աթթարեան Ռոպեր Աթթարեան 

«Ռատիօ Վատիկան»-ի Հայկական բաժինի տնօրէնին այցելութիւնը «Ազդակ»

Տնօրէնները վերաշեշտեցին տեղեկատուական այսօրուան բաց համակարգին մէջ գործակցութիւնը անմիջական եւ արագ շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։

«Ազդակ»-ի այցելուներէն էր «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայկական բաժինի տնօրէն Ռոպեր Աթթարեան, որ մաս կազմած էր կարտինալ Աղաճանեանի մարմինը Հռոմէն Պէյրութ փոխադրող պատուիրակութեան։

Ռոպեր Աթթարեանին հետ հանդիպումը կեդրոնացած էր լրատուութեան, Վատիկանի մէջ հայկական թեմաներուն եւ յատկապէս Արցախի ուղղութեամբ կատարուող արձագանգներուն ու հրապարակումներուն վրայ։

Ռոպեր Աթթարեան հաստատեց, որ «Ռատիօ Վատիկան»-ի սփռած հայկական լրատուութիւններու կարեւոր բաժին մը  հիմնուած է «Ազդակ»-ի թողարկած լուրերուն եւ կատարած մեկնաբանութիւններուն վրայ։

Տնօրէնները վերաշեշտեցին տեղեկատուական  այսօրուան բաց համակարգին մէջ գործակցութիւնը անմիջական եւ արագ շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2024, 07:55