Իսրայէլ, Պաղեստին, Լիբանան պատերազմ Իսրայէլ, Պաղեստին, Լիբանան պատերազմ  (AFP or licensors)

Իսրայէլ 3-րդ օրն ըլլալով շարունակեց Լիբանանի վրայ իր յարձակումը.

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի հիւսիսային հրամանատարութիւնը Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութիւններ նմանակող վարժութիւններ կատարած է:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտէն յարձակումներու շարք մը շղթայազերծեց հարաւային Լիբանանի մէջ բազմաթիւ գիւղերու եւ Պեքաայի վրայ, եւ մասնաւորաբար բուռն կերպով հարուածեց Նապաթիէի շրջանը: Արձանագրուեցան 51 զոհեր եւ 223 վիրաւորներ:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Բանակը առաջին անգամ ըլլալով յարձակում կը գործէ Պէյրութի հիւսիսը Լեռնալիբանանի մէջ գիւղի մը վրայ, որ սահմանէն շուրջ 120 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է»: Ձայնասփիւռի կայանը կ՛ակնարկէր Քեսրուանի Մհայսրա գիւղին, ուր առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով արձանագրուեցան 3 զոհեր եւ 9 վիրաւորներ: «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի Լեռնալիբանանի եւ հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու եւ գիւղի բնակիչ շէյխ Մոհամետ Ամրոն է: «Ժատիտ»-ի համաձայն, 15 անձեր, ներառեալ կիներ եւ մանուկներ, մնացած են յարձակումի ենթարկուած շէնքին փլատակներուն տակ:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ յարձակում գործեց Լեռնալիբանանի Շուֆ գաւառի Ժուն գիւղին վրայ, ուր արձանագրուեցան 4 զոհեր եւ 7 վիրաւորներ:

«Էլ.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը բուռն յարձակում գործած է նաեւ Զահլէի բարձունքներուն վրայ գտնուող Ալթութիի վրայ: Օդուժը նաեւ յարձակում գործեց Ժիպէյլ գաւառի Ռաս Ըսթա գիւղին վրայ, ուր արձանագրուեցան 2 վիրաւորներ:

Իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթի կէս գիշերէն ետք Ժիյէի եւ Սաատիեթի միջեւ գտնուող շրջանին վրայ յարձակումներու շարք մը գործեց` պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ:

Հըզպալլան երէկ շարունակեց Իսրայէլի մէջ գտնուող շրջաններու ուղղութեամբ իր հրթիռարձակումները եւ պատերազմին սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով թիրախաւորեց Թել Աւիւը:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ «Քատեր 1» տիպի հրթիռով թիրախաւորած է Իսրայէլի արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի Թել Աւիւի արուարձանին մէջ գտնուող հրամանատարութեան կեդրոնը: Կուսակցութիւնը նաեւ մեծաթիւ հրթիռներ արձակեց Վերին Գալիլիոյ գիւղերուն ուղղութեամբ:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանէն Թել Աւիւի ուղղութեամբ արձակուած է հրթիռ մը, որ օդային պաշտպանութեան համակարգին կողմէ վնասազերծուած է:

Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ Սաֆատի մէջ ամրապնդուած շէնք մը հրթիռային ուղղակի հարուած ստացած է, եւ այդտեղ հրդեհ ծագած է, իսկ Սաֆատի այլ շրջաններուն մէջ հրդեհներ ծագած են Լիբանանէն արձակուած հրթիռներուն պատճառով:

Հըզպալլա երէկ նաեւ յայտարարեց, որ իր հրամանատարներէն Իպրահիմ Մոհամետ Քուպէյսին նահատակուած է: Իսրայէլ մէկ օր առաջ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Ղպէյրի շրջանին մէջ օդային հարուած կատարելով յայտարարած էր, թէ սպաննած է Հըզպալլայի հրթիռային համակարգերու հրամանատար Քուպէյսին:

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի հիւսիսային հրամանատարութիւնը Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութիւններ նմանակող վարժութիւններ կատարած է:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութեան պատրաստուող զինուորներու հետ եւ յայտնած. «Իսրայէլ տակաւին Հըզպալլայի հետ իր կռիւին մէջ իր վերջին խօսքը չըսաւ, այսօրուան Հըզպալլան ամբողջովին տարբեր է մէկ շաբաթ առաջ եղածէն, եւ յաւելեալ հարուածներ պատրաստած ենք»:

Իսրայէլի բանակի հիւսիսային հրամանատարութեան պետ գնդապետ-զօրավար Ուրի Կորտին իր կարգին երէկ ըսաւ, որ «պէտք է Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութեան պատրաստուինք»` աւելցնելով. «Հըզպալլայի դէմ արշաւին մէջ նոր փուլ մուտք գործեցինք»:

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ պահեստի երկու զօրամասեր` 10 հազար զինուորներ զօրակոչի ենթարկած է Լիբանանի ճակատին վրայ ծառայելու` «շարունակելու Հըզպալլայի դէմ մարտական ջանքերն ու Իսրայէլի քաղաքացիները պաշտպանելու գործողութիւնները»:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի յայտարարեց. «Մեր օդանաւերը առանց դադարի յարձակում կը գործեն Լիբանանի վրայ, եւ ցամաքային գործողութեան կը պատրաստուինք»:

«Հըզպալլան ընդլայնեց իր հրթիռակոծման ծիրը, եւ այսօր ուժեղ պատասխան պիտի ստանայ», ըսաւ ան:

«Մեր նպատակը յստակ է` հիւսիսային շրջանի բնակիչները անվտանգ իրենց տուները վերադարձնել», աւելցուց Հալեւի` պնդելով. «Կը պատրաստուինք ցամաքային գործողութեան եւ մուտք գործելու թշնամիի հողեր ու գիւղեր, զորս Հըզպալլան զինուորական մեծ դիրքի վերածեց»:

Աղբիւրը՝ Ազդկակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2024, 07:46