Հարաւային արուարձաններուն վրայ դարձեալ օդային յարձակում
Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 3:15-ին յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ: Ասիկա 8 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր 6-րդ յարձակումն էր, իսկ մէկ շաբթուան ընթացքին 4-րդը:
Յարձակումի ենթարկուեցաւ Հատի Նասրալլա մայրուղիին մօտ գտնուող Ռուէյս խաչմերուկին վրայ գտնուող 10 յարկանի շէնք մը, որ մեծ վնասներ կրեց: Մեծ վնասներ կրեցին նաեւ մօտակայ շէնքերը:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ յարձակումը գործուած է «Էֆ-35» ռմբաձիգով, որ յարկաբաժինի մը վրայ 3 հրթիռներ արձակած է:
Յարձակումէն ժամեր առաջ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր իրերայաջորդ թռիչքներ կատարած էին Հարաւային արուարձաններուն վերեւ:
Զինուորական աղբիւր մը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ յարձակումը ղեկավարի մը դէմ մահափորձ է:
Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի անօդաչու թռչող սարքերու զօրամասի հրամանատարն է: «Սքայ Նիուզ» նշեց, որ անոր անունը Մոհամետ Հուսէյն Սրուր է:
Իսրայէլի բանակի ձայնասփիւռը նշեց. «Գնահատականները Հարաւային արուարձաններուն մէջ ահաբեկման գործողութեան յաջողութիւնը ցոյց կու տան»:
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, նախնական տուեալներով արձանագրուած են 2 զոհեր եւ 15 վիրաւորներ:
Նշենք, որ Իսրայէլ խոստացած էր հակադարձել մէկ օր առաջ Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւի արուարձանին մէջ Մոսատի կեդրոնատեղիին վրայ «Քատեր 1» հրթիռի արձակման:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ