Մարոք, գաղթական Մարոք, գաղթական  (ANSA)

Մարոք կանխած է հազարաւոր փախստականներու Եւրոպա մուտքը

Մարոք անցեալ տարի ձերբակալած է 75,184 մարդ, որ փորձած է անօրինական ճանապարհով անցնիլ Եւրոպա, ինչ որ 6%-ով աւելի է նախորդ տարուան համեմատ, ցոյց կու տան կառավարութեան տուեալները:

Յունուարէն ի վեր Մարոքի իշխանութիւնները կանխած են 45,015 մարդու անօրինական գաղթը դէպի Եւրոպա եւ ձերբակալած են գաղթողներու թրաֆիքինկի 177 յանձախումբ, յայտարարած է պետական MAP գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալները։

Մարոք անցեալ տարի ձերբակալած է 75,184 մարդ, որ փորձած է անօրինական ճանապարհով անցնիլ Եւրոպա, ինչ որ 6%-ով աւելի է նախորդ տարուան համեմատ, ցոյց կու տան կառավարութեան տուեալները:

Մարոքի ռազմածովային ուժերը նոյնպէս այս տարի ծովէն փրկած են 10,859 գաղթող, հաղորդած է MAP՝ վկայակոչելով Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալները: «2024 թուականին Մարոք կը շարունակէ դէմ յանդիման գտնուիլ գաղթի ճնշման աճին դէմ, որ Սահելի շրջանին մէջ շարունակուող անկայունութեան եւ սահմաններու խոցելիութեան ուղղակի հետեւանքն է»,-յայտնած է գերատեսչութիւնը:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2024, 08:17