Միացեալ Նահանգներու դրօշը Միացեալ Նահանգներու դրօշը  (ANSA)

Միացեալ Նահանգները 20,600,000 տոլարի աջակցութիւն կը տրամադրէ Հայաստանին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սըմենթա Փաուըր, անդրադառնալով Հայաստանի ժողովրդավարական յառաջընթացին՝ յայտարարեցին հետագայ զարգացումները խթանելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու կողմէ 20,600,000 տոլար տրամադրելու մասին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սըմենթա Փաուըր, անդրադառնալով Հայաստանի ժողովրդավարական յառաջընթացին՝ յայտարարեցին հետագայ զարգացումները խթանելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու կողմէ 20,600,000 տոլար տրամադրելու մասին: 

 Այս մասին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ նոր ֆինանսական յանձնառութիւնները, որոնց մասին յայտարարուեցաւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին, պիտի ուղղուին կառավարութեան բարեփոխումներուն եւ պիտի նպաստեն հանրային ծառայութիւններու բարելաւման, Միջազգային զարգացման գործակալութեան «Ժողովրդավարութիւնը արդիւնաւէտ է» նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ: 

 ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած վերոյիշեալ նախաձեռնութեամբ Պլինքըն եւ Փաուըր, «Ֆորտ հիմնարկ»ին հետ համագործակցելով՝ մէկ յարկի տակ հաւաքեցին գործընկեր պետութիւններու ղեկավարներ, բարեսիրական գործընկերներ եւ քաղաքացիական հանրութիւնը՝ քննելու օժանդակութեան յաւելումի Հայաստանին եւ աշխարհի այլ երկիրներու, ուր ժողովրդավարական հեռանկարներ ու կարելիութիւններ կը բացուին:

 Յայտարարուեցաւ սայպըր, սահմանային եւ ուժանիւթի ապահովութեան մեծացման եւ բարդ սպառնալիքներու ու մարտահրաւէրներու նկատմամբ դիմակայունութեան ամրապնդման հարցերուն մէջ Հայաստանին աջակցելու նպատակով, 20 միլիոն տոլար տրամադրելու մասին:

 Բացի այդ, Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը յայտարարեց նաեւ 600,000 տոլարի ֆինանսաւորման մասին, որ «Տեղեկատուական բարեվարքութեան եւ դիմադրականութեան բարելաւման նախաձեռնութեան» (ProInfo) ծիրին մէջ պիտի ուղղուի ազդեցիկ եւ հանրային հետաքրքրութիւններէ բխող լրագրութիւն ապահովելու նպատակով անկախ լրատուամիջոցներու արհեստագիտական արդիականացման, լրատուական եւ տեղեկատուական գրագիտութեան հարցերուն մէջ նորարարութիւններու խթանման եւ Հայաստանի մէջ լրատուական ոլորտի առանցքային բարեփոխումներու ջատագովման աշխատանքներուն:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2024, 07:49