2024.08.09 French Ambassador to Armenia Olivier Decottignies

Ատրպէյճան կրնայ դարձեալ յարձակիլ. Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան

Եւրոպական Միութեան դիտորդներու եւ Ֆրանսայի դեսպանին Ներքին Հանդ այցելութիւնը դժգոհութիւն յառաջացուց Ատրպէյճանի իշխանամերձ լրատուամիջոցներուն: Այցելութենէն պատկերներ հրապարակելով՝ անոնք յայտնեցին, որ, իբր թէ, «ֆրանսական հետախուզական ծառայութիւններու աշխատակիցներ կը տեղակայուին»։

Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի այցելեց Սիւնիքի մարզը եւ այդ ծիրին մէջ նաեւ հանդիպեցաւ Ներքին Հանդ:

«Այցելեցի՝ աջակցելու համար ամբողջ Սիւնիքին, նաեւ՝ Ներքին Հանդին: Ես միայն դիտեցի եւ տեսայ կատարուածը: Այո՛, Ներքին Հանդին մէկ մասը Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած է, եւ մենք այդ մէկը կը տեսնենք: Այդ իրավիճակը բնակիչներուն համար մեծ դժուարութիւններ կը յառաջացնէ, անապահովութեան զգացում կայ, կրնան յարձակումները նորէն սկսիլ», ըսաւ Տըքոթինյի լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։

Ըստ Տըքոթինյիի՝ կան կենցաղային հարցեր. բնակչութիւնը նոյնիսկ ջուրի հարց ունի: «Այդ պատճառով ան կ՛ըսեն, թէ մարդիկ չեն կրնար իրենց հարազատներուն գերեզմանները այցելել»:

Ան արձանագրեց, որ Ներքին Հանդը երեք կողմերէ շրջապատուած է ատրպէյճանցիներուն կողմէ: «Մէկ կողմէ տակաւին կարելիութիւնը ունինք երթալու Ներքին Հանդ», ըսաւ Տըքոթինյի:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ Գորիս-Կապան ճամբան եւս Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ է՝ Տըքոթինյի ըսաւ. «Ես խօսեցայ միայն Ներքին Հանդի մասին: Իսկ գալով ամբողջ սահմանին՝ մենք կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին, որ պէտք է տեղի ունենայ Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ, որուն շուրջ կողմերը համաձայնութեան եկած են»։

Ան նաեւ արձագանգեց Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան վերաբերեալ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տարածած կեղծիքներուն՝ իբր թէ «Ֆրանսա իր հետախուզական ծառայութիւններու անդամները կը տեղակայէ ատրպէյճանական սահմանին վրայ»։

Եւրոպական Միութեան դիտորդներու եւ Ֆրանսայի դեսպանին Ներքին Հանդ այցելութիւնը դժգոհութիւն յառաջացուց Ատրպէյճանի իշխանամերձ լրատուամիջոցներուն: Այցելութենէն պատկերներ հրապարակելով՝ անոնք յայտնեցին, որ, իբր թէ, «ֆրանսական հետախուզական ծառայութիւններու աշխատակիցներ կը տեղակայուին»։

Տըքոթինյի այցելեց նաեւ  Որոտան համայնքը, ուր ֆրանսական կառավարութեան ֆինանսական աջակցութեամբ Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամը եւ Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը միասնաբար կ՛աշխատին գիւղի ոռոգման ցանցի վերականգնման ուղղութեամբ։ Այս մասին գրած է Տըքոթինյի՝ աւելցնելով, որ Ֆրանսա Հայաստանի մէջ իր միջոցները կը ներդրէ հոն, ուր իր համոզումները կան:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2024, 08:32