2024.03.23 Incontro ecumenica a Antelias - Aram I

Եկեղեցին ո՛չ վայր է եւ ո՛չ ալ կառոյց, այլ՝ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման առաքելութիւն․ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմին տալիք հովուապետական այցելութեան նախօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Cilicia TV-ին հետ ունեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը։

Հարցում.- Վեհափառ Տէր, զանազան առիթներով հովուապետական այցելութիւն շնորհած էք հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան հայոց թեմին։ Ի՞նչ է Ձեր այս հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակը։

Պատասխան.- Բնականաբար, հովուապետական այցելութեան նպատակը հովուապետ-ժողովուրդ հանդիպումն է։ Հովուապետը առիթներ հարկ է ստեղծէ իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին հետ ըլլալու, զայն մօտէն ճանչնալու, անոր կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն տեղեակ դառնալու եւ վերաշեշտելու մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Այս է եկեղեցւոյ ու անոր ծառայութեան լծուած որեւէ մակարդակի վրայ գտնուող հոգեւոր սպասաւորին առաքելութեան նպատակը։ Եկեղեցին ինքզինք կ՚ըլլայ, իր կոչումը ճշմարտօրէն կ՚իրագործէ ժողովուրդին հետ ու ժողովուրդին համար։ Սա սովորական լոզունք չէ, այլ եկեղեցւոյ առաքելութեան էութիւնը կը կազմէ։ Ա՛յս գիտակցութեամբ հոգեւորականը պէտք է իր առաքելութիւնը իրագործէ։ Կ՚ուզենք նաեւ յայտնել, որ հովուապետական այցելութեան յիշեալ նպատակին առընթեր, անցնող այցելութիւններուն նաեւ շեշտած ենք մեր եկեղեցւոյ, Հայրենիքին, ազգին ու Սփիւռքին առնչուած որոշ երեւոյթներ ու մտահոգութիւններ։ Չմոռնանք, որ եկեղեցին ո՛չ վայր է եւ ո՛չ ալ կառոյց, այլ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման առաքելութիւն է։ Մեր եկեղեցին սոսկ հոգեւոր կառոյց չէ՝ լոկ հոգեւոր առաքելութեամբ. ան սերտօրէն շաղախուած է մեր ժողովուրդի կեանքին հետ։ Հետեւաբար, մեր ժողովուրդը ու Հայրենիքը յուզող հարցերը նաեւ եկեղեւոյ առաքելութեան մաս կազմող հարցեր կամ ծրագիրներ պէտք է դառնան։ Անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման հրամայականը։ Այս մասին յաճախակի առիթներով լայնօրէն անդրադարձած ենք Մեր պատգամներուն մէջ. այս հովուապետական այցելութեան եւս պիտի անդրադառնանք, որովհետեւ լայնատարած Սփիւռքի վերակենսաւորումը՝ մեր արժէքներուն ու աւանդութիւններուն շեշտաւորումով, հայ լեզուին ու մեր ինքնութեան պահպանումով, կը նկատենք էական։ Այս ծիրին մէջ, կը խորհինք, որ նաեւ յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու շեշտաւորման։

 Հարցում.- Վեհափառ Տէր, Ձեր հովուապետական այցելութիւնը թեմին ո՞ր շրջանները պիտի ներառէ։

Պատասխան.- Նկատի ունենալով արեւելեան թեմին լայնատարած ըլլալու իրողութիւնը, հովուապետական այցելութիւնը երկու հանգրուանի բաժնուեցաւ, որպէսզի կարելիութիւնը ունենանք աւելի մօտէն ծանօթանալու մեր համայնքներուն ու կառոյցներուն։ Անցեալ տարի (2023) այցելեցինք, Ուաշինկթընէն սկսեալ, միջին անտլանտեան մեր համայնքները։ Այս անգամ պիտի այցելենք հետեւեալ համայնքները.- Փրաւիտընս (Ռոտ Այլընտ), Ինտիըն Օրչըրտ, Ուստըր, Ուայթընզվիլ, Ուոթըրթաուն, Նորթ Անտովըր (Մէսէչուսէթս), Կրանիթ Սիթի, Կլենվիւ, Ուոքիկըն (Իլինոյ), Ռէյսին (Ուիսքանսըն) եւ Տիրպորն (Միշիկըն)։

 Հարցում.- Ձեր հովուապետական այցելութիւնը վերոյիշեալ շրջաններ, Վեհափառ Տէր, ի՞նչ ձեռնարկներ ու ծրագիրներ պիտի ընդգրկեն։

Պատասխան.- Առաջնորդ սրբազանն ու ազգային վարչութիւնը մանրամասնութեամբ մշակած են հովուապետական այցելութեան ծրագիրը, որուն համաձայն տասնմէկ առիթներով համայնքներուն կատարելիք Մեր այցելութեան ընթացքին, մեր պատգամը պիտի ուղղենք։ Երկու առիթներով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցանենք՝ Փրաւիտընսի եւ Շիքակոյի մէջ, իսկ այլ առիթներով՝ մեր հայրապետական պատգամները յղենք։ Բնականաբար, ժողովրդային հաւաքներու ու հանդիպումներու ընթացքին եւս Մեր օրհնութեան խօսքը պիտի ուղղենք ժողովուրդին։ Երիտասարդական հաւաքներ պիտի կազմակերպուին եւ երիտասարդներու հետ զրոյցներ պիտի ունենանք։ Այս առիթով յայտնենք, որպէսզի Մեր խօսքը յստակ ուղղութիւն ու շեշտաւորում ունենայ, մեր համայնքներուն տալիք այցելութիւններու ընթացքին «Հայր մեր»ի մեկնաբանութիւնը պիտի կատարենք՝ իւրաքանչիւր առիթի լուսարձակի տակ բերելով աղօթքին առնչուած զանազան մտածումներ ու պատգամներ։ Նաեւ պիտի անդրադառնանք մեր ժողովուրդին առնչուած հարցերուն՝ ընտանիք, տան դաստիարակութիւն, արժէքներու ու աւանդութիւններու պահպանում, Աստուածաշունչ, ծառայութիւն, եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութիւն եւ այլն…։ Ինչպէս կը տեսնէք, առաւելաբար հոգեւոր շեշտաւորում պիտի ունենայ Մեր այցելութիւնը՝ առանց զայն անջատելու մեր ազգին ու Հայրենիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն։

 Հարցում.- Ծանօթ է, որ Ամերիկայ արեւելեան շրջանի յատկապէս երիտասարդները աւելի հակամէտ են անգլերէն լեզուի գործածութեան։ Բնականաբար, այս երեւոյթը նկատի պիտի ունենաք։

Պատասխան.- Հովուապետական Մեր նախորդ այցելութիւններու ընթացքին կարեւորութեամբ նկատի ունեցած ենք այս երեւոյթը։ Անհրաժեշտ է, որ մենք հասնինք մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդութեան՝ իրենց հասկնալի լեզուով, բնականաբար նաեւ շեշտելով մայրենի լեզուին կարեւորութիւնն ու գործածութեան անհրաժեշտութիւնը։ Մեր բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին յատուկ կարեւորութիւն տուած ենք երիտասարդութեան՝ հանդիպելով ու զրուցելով երիտասարդներու հետ, ու մանաւանդ լսելով զանոնք։ Այս անգամ եւս, կը սպասենք, որ մեր երիտասարդները ներկայութիւն դառնան այս այցելութեան ընթացքին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն ու հաւաքներուն, որպէսզի անոնց հետ խօսինք ներկայ ընկերութիւնը յուզող հարցերուն մասին։ Այլեւս դուրս պէտք է գանք կաղապարուած կարծրատիպերէ, օրակարգերէ ու մտածողութիւններէ։ Հարկ է խօսիլ երիտասարդութեան հետ իրե՛նց լեզուով ու մօտեցումով եւ իրե՛նց օրակարգերուն մասին։

 Հարցում.- Քանի մը օրեր առաջ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ միւռոնօրհնէք եւ կատարուեցաւ Մայր Տաճարին վերաօծումը եւ մեր Սուրբ Աթոռը մասնակից դարձաւ այս արարողութիւններուն։

Պատասխան.- Ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ ողջունեցինք այս կարեւոր երկու դէպքերը, ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կեանքին ու առաքելութեան մէջ։ Վստահ ենք, որ ծառայութեան ու առաքելութեան նոր էջ պիտի բանան հոգեպարար այս արարողութիւնները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կեանքին մէջ։ Ինչպէս գիտէք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ միւռոնօրհնէքին եւ Մայր Տաճարին վերաօծման։ Կ՚ուզենք կարեւորութեամբ յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ հայ եկեղեցւոյ միւռոնը մէ՛կ է եւ նո՛յնն է։ Պատմութեան ընթացքին, պայմաններու պարտադրանքով, հայ եկեղեցւոյ միւռոնը զանազան վայրերու մէջ օրհնուած է, սակայն անիկա մնաց ու կը մնայ նո՛յն եւ մէ՛կ եկեղեցւոյ նո՛յն եւ մէ՛կ միւռոնը։ Այս իրողութեան շօշափելի արտայայտութիւնն է այն, թէ երբ Ս. Էջմիածնի մէջ միւռոն կ՚օրհնուի, անոր կը միախառնուի Անթիլիասի մէջ օրհնուած միւռոնը եւ՝ փոխադարձաբար, երբ Անթիլիասի մէջ միւռոն կ՚օրհնուի՝ անոր կը միախառնուի Ս. Էջմիածնի մէջ օրհնուած միւռոնը։ Մեր յոյսն է, որ յիշեալ երկու հոգեւոր ու ազգային պատգամներով լեցուն դէպքերը նաեւ առիթ հանդիսանան մեր ժողովուրդի զաւակներուն համախմբումին՝ Հայաստանէն ներս թէ Սփիւռքի մէջ։ Այսօր, փաստօրէն, մեր կեանքը լեցուն է բեւեռացումներով ու ճեղքերով։ Հայրենիքին փրկութիւնը եւ մեր ազգին գերագոյն արժէքներու ու իտէալներու առողջ պահպանումը հարկ է վեր դասել ամէն տեսակ քաղաքական նկատումներէ ու հաշիւներէ։ Նայեցէք մեր շուրջ. ազգեր հաւաքական տագնապի դիմաց ոյժերու համախմբումով հաւաքաբար կը դիմագրաւեն իրենց առջեւ ծառացած տագնապները։ Այս մասին անդրադարձած ենք յաճախակի առիթներով, անցնող տարիներու ընթացքին, եւ շեշտած, թէ փոխանակ իրարու դէմ խօսելու եւ արժէքներ ու կառոյցներ արհամարհելու, Հայրենիքը ու անոր ընդհանրական շահերը հարկ է վեր նկատել ամէն տեսակ անձնական ու նեղ հաշիւներէ։ «Հայաստանը ամէն բանէ վեր» նշանախօսը պէտք է մղիչ ոյժը դառնայ իւրաքանչիւր հայու եւ ողջ հայութեան։

 Հարցում.- Ինչպէս գիտէք, Լիբանանը այս օրերուն կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապներ։ Ի՞նչ են Ձեր մտածումները ու պատգամը այս ուղղութեամբ։

Պատասխան.- Անցնող տասնամեակներու ընթացքին Լիբանանը բազմազան ու զանազան տագնապներ դիմագրաւեց եւ կրցաւ իր ամբողջականութիւնը, ներքին միասնակամութիւնը ու գերիշխանութիւնը պահել։ Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս, հաւաքական նոյն կամքով ու հաւատքով, Լիբանանի ժողովուրդը պիտի կարենայ երկիրը դուրս բերել ներկայ տագնապէն։ Լիբանանի այս կացութեան դիմաց, պահ մը մտածեցինք ջնջել Արեւելեան Թեմին շնորհելիք Մեր հովուապետական այցելութիւնը եւ վերադառնալ Լիբանան, ինչպէս որ նախապէս կատարած էինք թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ առնչուած տագնապներուն գծով։ Սակայն, մեր կրօնական, համայնքային ու պետական պատասխանատուները այս հանգրուանին անհրաժեշտ չնկատեցին Մեր անմիջական վերադարձը Լիբանան, նկատի ունենալով ներկայ տագնապին բնոյթը։ Այս ծիրին մէջ ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտնել, որ Լիբանանի մեր համայնքի պատասխանատուները մօտէն կը հետեւին տագնապի հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի կարիքներուն՝ անհրաժեշտ քայլերու դիմելով ու բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ հանդիպումներ ունենալով։ Այս կացութեան դիմաց անհրաժեշտ է, որ Լիբանանի ժողովուրդը իր ներքին միասնակամութիւնը պահէ ամուր եւ առանց ձգձգումներու ձեռնարկէ նախագահական ընտրութեան, որպէսզի նոր կառավարութեան կազմումով երկիրը մտնէ վերականգնումի ընթացքի մէջ։ Հայրենամերձ մեր երկու գաղութները՝ Լիբանանն եւ Սուրիան, վերջին տասնամեակներուն դիմագրաւեցին լուրջ տագնապներ ու դժուարութիւններ, սակայն շնորհիւ մեր համայնքներու կրօնական ու քաղաքական ղեկավարութեանց, անոնք կրցան դուրս գալ յիշեալ տագնապներէն եւ վերակազմակերպուիլ։ Այս ուղղութեամբ մեծապէս գնահատելի էր Սփիւռքի մեր գաղութներու նիւթական զօրակցութիւնը։ Լիբանանի ու Սուրիոյ գաղութներու կառոյցներուն ու յատկապէս կրթական օճախներուն նիւթական օժանդակութիւնը կը նկատենք հրամայական անհրաժեշտութիւն։

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2024, 09:25