Պէյրութի Հարաւային արուարձանները մինչեւ հիմա գիշերային ամէնէն հզօր յարձակումին ենթարկուեցան
Լիբանանեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ երեք զինուորներ, ներառեալ սպայ մը, նահատակուած են, երբ իսրայէլեան բանակը յարձակում գործած է բանակէն զինուորներու վրայ, որոնք հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ գաւառի Եաթեր գիւղի մերձակայքը վիրաւորներու կ՛օժանդակէին: Ասիկա լիբանանեան բանակին վրայ վերջին 4 օրուան ընթացքին 2-րդ յարձակումն էր:
Մինչ այդ, չորեքշաբթի գիշեր Պէյրութի Հարաւային արուարձանը ենթարկուեցաւ աւելի քան 17 օդային բուռն յարձակումներու: Յարձակումներուն հետեւանքով Լէյլաքի շրջանին մէջ 6 շէնքեր քանդուեցան:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի մէջ բազմաթիւ գիւղերու վրայ, որոնց շարքին` Խիամ, Այթա Շաապ, Մաժտալ Սըլմ, Սուանէ եւ Քլէյլա գիւղերուն վրայ:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ Լեռնալիբանանի Ալէյ գաւառի Քահհալէ շրջանին մէջ թիրախաւորեց «Թոյոթա Ռաւ 4» տիպի ինքնաշարժ մը` պատճառելով 2 զոհ եւ 2 վիրաւոր: Զոհերը հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժըպէյլ գիւղէն են:
4 իսրայէլեան հրթիռներ նաեւ թիրախաւորեցին Ժիպէյլի Ժըրտ Ալմաթ շրջանը:
Հըզպալլա հաղորդեց, որ Այթա Շաապի մէջ իսրայէլեան ուժերու հետ զերօ հեռաւորութեան վրայ բուռն բախումներու ընթացքին «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը փորձած էր իսրայէլեան ուժերուն օգնութեան հասնիլ, սակայն քանդուած է, եւ անձնակազմին մէջ արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ