2024.10.23 Benedizione Kachkar in Olanda

Խաչքարի օրհնութեան եւ օծման կարգ Նիտերլանտներու Նիուվեխայն քաղաք

Օրհնութեան արարողութեան ներկայ էին ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթոր Պիագով, Նիուվեխայնի քաղաքապետ տիկին Մարայկէ Վան Պէուկերինկ՝ իր խորհրդական Ճոն Վան Էնկելենի ուղեկցութեամբ, Սբ. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, վարչութեան անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Նիտերլանտներու Նիուվեխայն քաղաքի Սբ. Նիկողայոս եկեղեցւոյ բակին մէջ, Հոկտեմբեր 19-ին, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի ձեռամբ կատարուեցաւ խաչքարի օրհնութեան եւ օծման կարգ։ Արարողութեան մասնակցեցան Ամստերդամի «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Տարօն քահանայ Թադէոսեանը եւ Մաստրիխտի Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Աստուածատուր քահանայ Սարգսեանը։

Խաչքար-յուշարձանի հեղինակը խաչքարագործ-նկարիչ Արտակ Համբարձումեանն է․ յուշակոթողը կառուցուած է բարերար Արմէն Աւանեսովի աջակցութեամբ։ Ան նուիրուած է հոլանտացի բարեկամ ժողովուրդին՝ ի նշան հայ համայնքի բարեկամութեան եւ երախտագիտութեան։

Օրհնութեան արարողութեան ներկայ էին ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթոր Պիագով, Նիուվեխայնի քաղաքապետ տիկին Մարայկէ Վան Պէուկերինկ՝ իր խորհրդական Ճոն Վան Էնկելենի ուղեկցութեամբ, Սբ. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, վարչութեան անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Նիկողայոս եկեղեցին եւ Նիտերլանտներու հայ համայնքը երկար տարիներ կը պահպանեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններ։ Եկեղեցւոյ մէջ հայ համայնքի համար ամիսը անգամ մը /ամսուան դրութեամբ/ կը կատարուին Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն եւ հոգեւոր զրոյցներ, որոնք կը կազմակերպուին Տէր Տարօն քահանայ Թադէոսեանի կողմէ։

Յաջորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 20-ին, Ամստերդամի «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Խաժակ Սրբազանի ձեռամբ քսանմէկ պատանիներ եւ երիտասարդներ ստացան դպրութեան, հինգ երիտասարդներ՝ կիսասարկաւագութեան աստիճան, իսկ վեց երեխաներ օրհնութիւն ստացան խորան բարձրանալու։

Սրբազան Հայրը նաեւ օրհնեց եկեղեցւոյ երգչախումբը համալրած երիտասարդուհիները։ Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին յանձնեց նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնը, որով կատարուեցաւ ջրօրհնեաց արարողութիւնը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ դպրութեան կարգ
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ դպրութեան կարգ

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2024, 08:30