Պլինքըն. «Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման մնայուն դիւանագիտական լուծումի գոյացման ուղղութեամբ կ՛աշխատինք»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նշեց. «Ժամանակն է, որ Իսրայէլ զինուորական յաջողութիւնը ռազմավարական յաջողութեան վերածէ»:
«Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման մնայուն դիւանագիտական լուծումի գոյացման ուղղութեամբ կ՛աշխատինք», յայտարարեց Պլինքըն:
«Կը մնան երկու հարցեր, որոնք են` գերիներու վերադարձն ու պատերազմին վերջ տալը, եւ երկու նպատակներու իրագործման համար նոր նախագիծերու մշակման կարելիութիւնը կը սերտենք», նշեց ան:
«Պատերազմէն ետք Կազայի ապագային վերաբերեալ յստակ ծրագիրներ ունինք, եւ պէտք է շօշափելի ծրագիրներ գոյութիւն ունենան` պատերազմէն ետք Կազայի մէջ յառաջ ընթանալու համար», յայտնեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Աշխատանք կը տանինք Կազայի մէջ իշխանութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ յստակ փոխադարձ հասկացողութիւններու հասնելու ուղղութեամբ»:
«Կարեւոր է, որ Իսրայէլ Իրանին հակադարձէ այնպիսի ձեւով մը, որ աւելի մեծ մագլցումի չի յանգեցներ», ըսաւ ան:
«Իսրայէլի կողմէ Կազայի վերագրաւումը բացարձակապէս կը մերժենք», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
Նշենք, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բնակեցման աշխատանքներու «Նաշալա» շարժումը յայտնած է, թէ 700 ընտանիքներ արձանագրուած են Կազայի մէջ հաւանական 6 բնակեցման վայրերու մէջ բնակելու»` աւելցնելով. «Կը յուսանք Կազայի մէջ բնակեցման վայրերու կառուցումին սկսիլ մէկ տարիէն»:
«Իսրայէլ պէտք է աւելին ընէ` Կազա օժանդակութիւններ մտցնելու համար, եւ ատիկա յարատեւ պիտի ըլլայ», յայտնեց Պլինքըն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նախքան այդ յայտարարած էր. «Իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ ժողովներուս ընթացքին գերիները իրենց հայրենիք վերադարձնելու, մարդասիրական օժանդակութիւնները անոնց կարիք ունեցողներուն հասցնելու եւ Կազայի պատերազմը տեւական անվտանգութիւն ու կայունութիւն ապահովող ձեւով աւարտելու կարեւորութիւնը վերահաստատեցի»:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Պլինքըն իսրայէլեան կառավարութեան Կազան Եգիպտոսի կապող Սալահէտտին առանցքին վրայ միջազգային ուժերու տեղակայումը առաջարկած է:
Պլինքըն նաեւ ներկայացուցած է իսրայէլացի գերիներու վերադարձ եւ Կազայէն իսրայէլեան ուժերու հեռացում ներառող ծրագիր մը:
Աղբիւրները աւելցուցին, որ Կազայի մէջ կացութեան կարգաւորման ամերիկեան առաջարկը Լիբանանի ճակատին վերաբերեալ որեւէ քայլ չի պարունակեր:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են. «Ապահովական հարցերով նախարարաց սեղմ խորհուրդը քննարկեց Կազայի մէջ մէկուկէս շաբաթ տեւողութեամբ զինադադարի հաստատման կարելիութիւնը»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ