Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ոչնչացուց Հայկական ժառանգութիւնը. NOS Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ոչնչացուց Հայկական ժառանգութիւնը. NOS 

«Պատմութեան միտումնաւոր ջնջում». Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ոչնչացուց Հայկական ժառանգութիւնը. NOS

NOS-ի կողմէ հաստատուած արբանեակային լուսանկարներու համաձայն, հիմնովին քանդուած են բազմաթիւ յուշարձաններ, շէնքեր, գերեզմանատուներ եւ նոյնիսկ ամբողջ գիւղեր:

Հոլանտական NOS հանրային հեռարձակողը «Պատմութեան միտումնաւոր ջնջում» խորագրով յօդուած մը հրապարակեց բռնագրաւուած Արցախի մէջ ազրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին:

«Մէկ տարի ետք, երբ տասնեակ հազարաւոր  հայեր փախան Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն` վախնալով ցեղային զտումներէն, անոնց նախկին ներկայութեան ապացոյցները հետզհետէ նուազ տեսանելի դարձան»,- գրուած է յօդուածին մէջ:

NOS-ի կողմէ հաստատուած արբանեակային լուսանկարներու համաձայն, հիմնովին քանդուած են բազմաթիւ յուշարձաններ, շէնքեր, գերեզմանատուներ եւ նոյնիսկ ամբողջ գիւղեր:

Ուտրեխտի համալսարանի ժառանգութեան հարցերով փրոֆեսէօր Գերջան Պլեց նշած է, որ պատերազմէն ետք ազրպէյճանցիները տեղափոխուած են Լեռնային Ղարաբաղ, եւ շինութիւնները մէկը միւսին ետեւէն քանդուած են: Այս գործընթացը սկսած է աւելի վաղ` 2020 թուականին, երբ ազրպէյճանը վեցշաբաթեայ պատերազմէ ետք գրաւած էր տարածքին մէկ մասը: Ըստ տուեալներու հաւաքմամբ զբաղող ACLED նախագիծին, 2021 թուականէն ի վեր արձանագրուած է բնիկ հայերու պատմական, կրօնական, քաղաքացիական կառոյցներու եւ բնակութեան վայրերու ոչնչացման մօտաւորապէս ութսուն դէպք: 2023 թուականի սեպտեմբերէն այս ցուցանիշը միայն աճած է: Մշակութային ժառանգութեան այս ոչնչացումը կը նշանակէ, որ հայկական մշակոյթը դանդաղ, բայց կ՛անհետանայ այս տարածաշրջանէն:

«Մշակութային ժառանգութեան աւերումը հակառակորդին պատմութիւնը միտումնաւոր ջնջելու միջոց է»,- նշած է Պլեց:

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աւերածութիւնները ոչ միայն կ՛երեւին արբանեակային լուսանկարներով, այլեւ արձանագրուած են ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ: Տեսանիւթերէն մէկուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանցի զինուորները կը մտնեն հայկական եկեղեցի եւ աւերածութիւններ կը պատճառեն:

«Մշակութային ժառանգութիւնը կ՛օգտագործուի նաեւ հողի իրաւունքը օրինականացնելու համար: Զայն ոչնչացնելով` դուք բնիկ խումբ մը կը զրկէք իրենց պատմական արմատներէն այդ վայրին մէջ», աւելցուցած է Պլեց:

Ինչպէս նշած է NOS-ը, քանդելով այս տարածքին մէջ դարեր շարունակ կանգուն եղած կառոյցները` կը ջնջուի պատմութեան մէկ մասը:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2024, 07:30