Հոյակապ համերգ` ի պատիւ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Շարլ Ազնաւուրի, Սուրբ Ղազարի մէջ
Անձրեւոտ աշնանային օր մը, Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը անմոռանալի համերգ մը տուաւ Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ, Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ:
Համերգը մաս կը կազմէր միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր մահուան 275-ամեակի տօնակատարութիւններուն եւ նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին ու ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակին: Հայ եւ օտար ունկնդիրներու հոծ բազմութիւն մը ժամանած էր այս առիթով Սուրբ Ղազար:
Հայր Համազասպ Քէշիշեան` Մխիթարեան վարդապետ, բարի գալուստի խօսքով բացաւ երեկոն` ոգեշնչուած մթնոլորտ մը ստեղծելով, որուն մէջ հայ ժողովուրդի սրբազան երաժշտութիւնը եւ ֆրանսական շանսոնները ներդաշնակ կերպով միաձուլուեցան:
Յայտագիրը բացուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններով, որոնք կը մարմնաւորեն հայկական ժողովրդական ու եկեղեցական երաժշտութեան էութիւնը: «Գարուն ա», «Շուշիկի» եւ «Կռունկ» խոր յուզումով ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ, որ եռանդուն ծափահարութեամբ վարձատրեց վսեմ եւ նուրբ մեկնաբանութիւնը: Յատկապէս ջութակահար Աստղիկ Վարդանեանի մենանուագը` «Կռունկ»-ը դիմաւորուեցաւ քար լռութեամբ զմայլած ժողովուրդին կողմէ: Կոմիտասի պատարագէն` «Հայրապետական մաղթանք»-ը հանդիսաւոր ու խոնարհ երկիւղածութիւն ստեղծեց դահլիճին մէջ:
Համերգին երկրորդ մասը բացուեցաւ Եւրոպայի մէջ առաջին անգամ հնչող «Ազնաւուր մետլի»-ով մը: Մեկնաբանութեամբ Հայարփի Եղիկեանի (Զիլ) եւ Սիփան Օլահի (վերերգակ)` «Pour toi Arménie» երգը արժանացաւ երկարատեւ ծափողջոյններու եւ նշեց համերգին աւարտը` փակելով այսպէս մեծանուն հայերուն նուիրուած երեկոն, սփիւռքի մշակութային եւ հոգեկան հայրենիք հանդիսացող Սուրբ Ղազար մայրավանքին մէջ:
Լուսանկարները`
ԴԱՒԻԹ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ