2024.03.09 San Mesrob Mshdots

Ի խնդիր Հայ Լեզուին պահպանման. Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուինք, մեր հայրենի հողին վրայ թէ տարաշխարհի մէջ, հայ լեզուն մեր ինքնութիւնը պահող վահանն է, մեր արմատներուն աւիշ հասցնող միջոցը, ուր թագնուած են այն բոլոր առանձնայատկութիւնները, որոնցմէ անձ մը կը տարբերի ուրիշ անձէ մը՝ իր զգալու, խորհելու արտայայտուելու եղանակով, աշխարհընկալումով եւ լեզուամտածողութեամբ:

Ներկայիս աշխարհի մէջ մօտաւորապէս 2800 տարբեր լեզուներ կան: Անոնց մէջ հայերէնը ամէնէն հիներէն մէկն է: Անկասկած մեր ազգային գոյութեան հարցին մէջ հիմնական դեր ունեցած է հայ գիրն ու լեզուն: Ո՛չ ոք կրնայ հերքել պատմական այն իրողութիւնը, որ առանց սեփական այբուբենի գուցէ հայ մշակոյթը դժուար թէ կարենար գոյատեւել, քանի որ ազգի մը ինքնութեան գոյացումին ու պահպանման մէջ բախտորոշ դեր ունի լեզուն:

Նորութիւն մը չէ հաստատել, որ հայ կեանքի մէջ մշակոյթը Ս. Մեսրոպով եւ Ս. Թարգմանիչներու փաղանգով չսկսաւ: Հայ ժողովուրդը 5րդ դարէն շատ առաջ ունէր բանահիւսութիւն, արուեստ եւ մշակոյթ: Հայ գրականութիւնը, սակայն, ինչպէս մեր մշակոյթը, գիրերու գիւտով ստացաւ ազգային դրոշմ ու նկարագիր:

Մեսրոպ Մաշտոցի հայ նշանագիրերու գիւտով մեր լեզուն զարգացաւ եւ բիւրեղացաւ, իր բառերու եւ իմաստներու շքեղ շարադրութեամբ, իր քերականական եւ հնչաբանական անխախտ օրէնքներով եւ ուղղագրութեան յստակ եւ անփոփոխ սկզբունքներով:

Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութեամբ, նոր դռներ բացուեցան հայագիր ու հայաստեղծ մշակոյթին: Թարգմանուեցան անցեալի եւ ժամանակի յայտնի փիլիսոփաներու եւ աստուածաբաններու գործերը, ինչպէս նաեւ գիտական հատորներ ու բազմաթիւ նորաբաց դպրոցներ իրենց յարկերուն կապեցին ուսման ծարաւ հայ ժողովուրդի զաւակները:

Մեր ոսկեղինիկ լեզուն մեզի տուաւ սքանչելի գրաբարը, որ հինգերորդ դարէն մինչեւ տասնիններորդ դարու կիսուն եղաւ հայ մատենագիրներու եւ հեղինակներու գրական լեզուն:

Ժամանակի ընթացքին, սակայն, հայ ժողովուրդի խօսակցական լեզուն զարգացաւ եւ գրաբարի կողքին կազմեց գիր ու գրականութիւն, որմէ ծնունդ առաւ աշխարհաբարը, իսկ աշխարհաբարը, իր հերթին, ծնունդ տուաւ լեզուական երկու ճիւղերու՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական եւ խօսակցական լեզուներուն:

Համայն հայութեան համար միշտ այժմէական, միշտ մտալլկիչ հարցերէն մին եղած է հայ լեզուի պահպանումը: Թէ՛ Հայաստանի մէջ թէ՛ արտասահմանի մէջ հայ լեզուին սպառնացող վտանգներէն մին օտար ազդեցութիւններն են, ինչպէս օտար բառերու, լեզուական, ձեւերու եւ ոճերու գործածութիւնը: Պէտք չէ մտահան ընել, որ լեզուն կերտուած է ազգի մը բառապաշարին, աւանդութեանց, ասոյթներուն, դարձուածքներուն եւ մտածելակերպին ատաղձներով:

Աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուինք, մեր հայրենի հողին վրայ թէ տարաշխարհի մէջ, հայ լեզուն մեր ինքնութիւնը պահող վահանն է, մեր արմատներուն աւիշ հասցնող միջոցը, ուր թագնուած են այն բոլոր առանձնայատկութիւնները, որոնցմէ անձ մը կը տարբերի ուրիշ անձէ մը՝ իր զգալու, խորհելու արտայայտուելու եղանակով, աշխարհընկալումով եւ լեզուամտածողութեամբ:

Հայաստանի մէջ սովետական կարգերը բռնաբարեցին մեր գեղեցիկ արեւելահայերէնը, ուղղագրական իր ինքնութենէն զրկելով զայն եւ ռուսերէնի բառակազմական շարահիւսական խորթութիւնները պարտադրելով անոր: Որքան փափաքելի պիտի ըլլար, որ մեր նորանկախ հայրենիքի պետութիւնն ու հայ մտաւորականութիւնը, ողջմտութիւնն ու լայնախոհութիւնը ցուցաբերեն մէկդի դնելու աբեղեանական շինծու եւ անհարազատ ուղղագրութիւնը եւ վերականգնելու հայ դասական մեսրոպեան ուղղագրութիւնը: Իր երկու թեւերով՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, հայ ժողովուրդը անզանցառելի հրամայական պէտք է համարէ միօրինակ ուղղագրութեան եւ զտարիւն հայերէնի անխախտ պահպանումը:

Երկրի մը բարբառները շատ անգամ կրնան տարբերիլ, բայց լեզուի մը միաձեւ ուղղագրական կանոններու հետեւելու հրամայական պահանջը կարեւոր է ազգի մը միասնութեան գաղափարին:

Ինչ կը վերաբերի արտերկրի հայութեան, հայերէնի պահպանման հարցը շատ աւելի լուրջ է: Գաղթաշխարհի հայութեան մնայուն մղձաւանջը միշտ եղած է, ու կը մնայ, մայրենի լեզուի տակաւ տժգունումն ու կորուստը:

Իրազեկ ենք այն դառն իրողութեան, որ լեզուի մը գոյատեւման համար անհրաժեշտ են հողն ու հայրենիքը: Առանց հողի ու հայրենիքի լեզուն թաղարի մը մէջ մեծցող ծառի մը կը նմանի, որ կարելիութիւն չունի իր արմատները հողին խրելով կենսաւորուելու: Տարաշխարհի հայութեան համար ա՛յս է հարցը:

Հայ լեզուին սպառնացող վտանգը սփիւռքահայուն համար բացայայտ է. հարց մը, որ խօսելով, գիտակցելով եւ մտահոգուելով չի դարմանուիր, չի լուծուիր, այլ, որչափ հնարաւոր է, դրական աշխատանքով: Իսկ դրական աշխատանքը կ՛ենթադրէ հայ դպրոցներ հիմնել՝ հայերէն խօսելու, հայերէն գրելու եւ կարդալու համար: Դրական աշխատանքը կը պահանջէ նաեւ հայ տունը իրօք հա՛յ տուն ըլլայ, ուր հայկական մթնոլորտ տիրէ, ուր խօսակցական լեզուն հայերէն ըլլայ, ուր տիրեն հայկական աւանդութիւններն ու բարեմասնութիւնները, ուր հայ լեզուով փոխանցուի հայու ոգին ու հայկական արժէքները:

Հայ ծնողներ կոչում ունին իրենց տուները «փոքրիկ Հայաստան»ի մը վերածելու իրենց զաւակներուն սրտին ու մտքին մէջ հաստատելու համար հայրենի բարքերն ու մայրենի լեզուն:

Եթէ իրօք համոզուած ենք որ հայ լեզուն մեր ազգային գոյութեան ողնասիւնն է եւ հայ մշակոյթի պահպանման ամէնէն զօրեղ միջոցը, այն ատեն հայերէնը պէտք է դառնայ մեր առօրեայ խօսակցական լեզուն մեր տուներուն, վարժարաններուն, հաւաքներուն եւ անմիջական շրջանակներուն մէջ:

Հայոց լեզուի պահպանումը իւրաքանչիւրին ուսերուն վրայ դրուած անյետաձգելի ու առաջնահերթ պարտականութիւն ըլլալու է: Հիմա մե՛րն է կարգը դառնալու ջահակիրը մեզի յանձնուած աւանդին: Ոչ թէ միայն պահել զայն որպէս գանձ անկորնչելի, այլ զայն կեանքի կոչել, մեր զաւակներուն կեանքին մէջ:

Այո՛, թող մեսրոպածին բարբառով հայ գիրը եւ անոր հնչեղ մեր լեզուն խօսիլը ըլլայ մեզի հպարտութիւն ու պատիւ:

 

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2024, 08:56