ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես  

Կութիերես. «Լիբանան համապարփակ պատերազմի եզրին է»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ ամիսներէ ի վեր շարունակ կը զգուշացնէ տագնապի շրջանին մէջ տարածումէն, եւ ըսաւ, որ Միջին Արեւելքը դարձաւ վառօդի տակառ մը, եւ շարք մը կողմեր պատրաստ են այդ տակառը վառելու:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես զգուշացուց, որ Լիբանան իսրայէլեան մագլցումին պատճառով համապարփակ պատերազմի եզրին է` ընդգծելով, որ պէտք է յարգել բոլոր երկիրներուն գերիշխանութիւնն ու հողերու անվտանգութիւնը:

Կութիերես ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Կազայի եւ շրջանին մէջ կացութեան:

«Կազայի մէջ մղձաւանջը մուտք գործեց իր երկրորդ տարին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս տարի Կազայի մէջ մարդասիրական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ բարոյական տագնապներու տարին էր:

Կութիերես յայտնեց, որ Կազան 7 հոկտեմբեր 2023-էն ետք դարձաւ կեդրոնը տառապանքներու, որոնք կարելի չէ պատկերացնել` նշելով, որ այդտեղ քաղաքայիններ, լրագրողներ, մարդասիրական օժանդակութեան աշխատանքներ կատարողներ եւ ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներ սպաննուեցան:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը աւելցուց, որ Իսրայէլ հիւսիսային Կազայի մէջ բնակուած շրջաններու վրայ յարձակումներ գործեց, հիւանդանոցներ դատարկեց եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը ընդհատեց:

Կութիերես զգուշացուց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերու վրայ աշխատանքը արգիլող իսրայէլեան օրինագիծէ մը` նշելով, որ իսրայէլեան այդ քայլը աղէտալի պիտի ըլլայ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ ամիսներէ ի վեր շարունակ կը զգուշացնէ տագնապի շրջանին մէջ տարածումէն, եւ ըսաւ, որ Միջին Արեւելքը դարձաւ վառօդի տակառ մը, եւ շարք մը կողմեր պատրաստ են այդ տակառը վառելու:

Ան ըսաւ, որ Այսրյորդանանի մէջ կացութիւնը եռալու կէտին հասաւ, իսկ Լիբանանի վրայ յարձակումները կը սպառնան ամբողջ շրջանին` աւելցնելով, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով աւելի քան 2000 անձեր սպաննուեցան:

Կութիերես շեշտեց երկու պետութիւններ լուծումի կարեւորութիւնը եւ ըսաւ, որ շրջանի ժողովուրդները խաղաղ ապրելու իրաւունքը ունին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2024, 08:18