Պու Հապիպ. «Վատիկանի խոր մտահոգութիւնը զգացի Լիբանանի մէջ կացութեան վատթարացման, մասնաւորաբար Հարաւային Լիբանանի մէջ 16 քրիստոնէական գիւղերու ճակատագիրին նկատմամբ»
Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Հռոմի մէջ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Ռիչըրտ Փոլ Կալակըր կարտինալին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Վատիկանի խոր մտահոգութիւնը զգացի Լիբանանի մէջ կացութեան վատթարացման, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ 16 քրիստոնէական գիւղերու ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ քաղաքական տեղքայլին եւ հանրապետութեան նախագահ չընտրելուն նկատմամբ»:
«Վատիկանի փափաքը նկատեցի օգնելու Լիբանանին` շրջանցելու այս տագնապը, եւ համաձայնեցանք, որ պէտք է տառապանքն ու սպանութիւնը դադրեցնել», նշեց Պու Հապիպ:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը նաեւ ըսաւ. «Կարտինալ Կալակըրը ինծի յայտնեց, որ հիացած է լիբանանցի անհատին, հակառակ Լիբանանին ապրած բոլոր դժուարութիւններուն, փայլելու եւ յաջողելու կարողութեամբ»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ